Վենեզուելա. հզօր պայթիւններ Քարաքասի մէջ. Թրամփ. «Մատուրոն եւ իր կինը ձերբակալուած են»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասը գիշերուան ժամերուն ենթարկուած է հզօր պայթիւններու եւ օդային յարձակումներու շարքի մը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ քիչ առաջ հաստատեց, որ ԱՄՆ-ը լայնածաւալ յարձակում գործած է Վենեզուելայի դէմ, որուն ընթացքին ձերբակալուած են նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն եւ իր կինը՝ տեղափոխուելով երկրէն դուրս։ Թրամփ յայտարարեց, որ գործողութիւնը յաջողութեամբ պսակուած է եւ շուտով մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ Մար-ա-Լակոյէն։
Յարձակումներու թիրախ դարձած են Քարաքասի ռազմավարական ենթակառոյցները, զինուորական խարիսխները, օդակայանները եւ նոյնիսկ խորհրդարանի շէնքը։ Ականատեսներու վկայութեամբ՝ մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ բռնկած են հրդեհներ, բարձրացած են ծուխի սեւ ամպեր եւ տեղի ունեցած են հոսանքազրկումներ։ Նախքան ձերբակալութիւնը, Մատուրոյի կառավարութիւնը յայտարարած էր արտակարգ դրութիւն՝ տեղի ունեցածը որակելով որպէս «ամերիկեան ռազմական յարձակում» եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան կոպիտ խախտում։
Միջազգային գետնի վրայ, Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փեթրօ հաստատեց Քարաքասի ռմբակոծումը եւ կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ու Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան շտապ նիստ գումարելու։ Ըստ Փեթրոյի, հարուածները ուղղուած են պետական կարեւորագոյն կառոյցներուն դէմ, մինչդեռ Վենեզուելայի իշխանութիւնները Ուաշինկթընը կը մեղադրեն երկրի քարիւղի ու հանքային պաշարներուն տիրանալու փորձի եւ «գաղութատիրական պատերազմ» մղելու մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ