Կազի խողովակաշար Կազի խողովակաշար 

Եւրոպական Միութեան երկիրները հաստատած են 2027 թուականէն սկսեալ Ռուսական կազի ներածման լիակատար արգելքը

Եւրոպական Միութիւնը վերջնականապէս որդեգրած է 2027 թուականէն ռուսական կազի ներածումը լիովին արգիլելու օրէնքը, հակառակ Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ ընդդիմութեան:

Եւրոպական Միութեան երկիրները վերջնականապէս հաստատած են 2027 թուականէն սկսեալ ռուսական կազի ներածումը արգիլելու որոշումը` իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնելով խզել նախկին մատակարարի հետ կապերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու նախարարները Պրիւքսելի մէջ հանդիպումի ժամանակ հաստատած են օրէնքը, հակառակ անոր որ Սլովաքիան եւ Հունգարիան դէմ քուէարկած են, իսկ Պուլկարիան` ձեռնպահ:

Մինչեւ ռուս-ուքրանական պատերազմը Եւրոպական Միութեան մէջ ռուսական կազի բաժինը կը կազմէր աւելի քան 40 առ հարիւր: 2025 թուականին այդ ծաւալը նուազած է մինչեւ 13 առ հարիւր:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հունգարիան եւ Սլովաքիան արդէն պատրաստուած են Եւրոպական Միութեան դատարանին մէջ հայց ներկայացնելու` ընդդէմ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, որ Ռուսիոյ քարիւղի եւ կազի մատակարարումներու լիակատար արգելքը կը պահանջէ:

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի համաձայն, փաստաթուղթը պիտի ներկայացուի դատարան, անմիջապէս որ Եւրոպական Միութիւնը նման որոշում տայ:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2026, 08:50