Այսօր Տաւոսի mէջ Ռուս-Ամերիկեան բանակցութիւններ
«Աքսիոս»-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտի տեղեկութիւններուն համաձայն, կողմերը պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցման ամերիկեան ծրագիրը:
Աղբիւրը
Այսօր Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու հերթական փուլը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ արեւմտեան մամուլի տեղեկութիւններուն համաձայն, Քրեմլինի յատուկ բանագնաց Քիրիլ Տմիթրիեւը այսօր Տաւոսի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Սպիտակ տան յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշների հետ:
«Աքսիոս»-ի լրագրող Պարաք Ռաւիտի տեղեկութիւններուն համաձայն, կողմերը պիտի քննարկեն Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցման ամերիկեան ծրագիրը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
20/01/2026, 08:00