Ստորագրուեցաւ կանոնադրութիւնը Թրամփի նախաձեռնած Խաղաղութեան Խորհուրդի, որուն միացան նաեւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան
Տաւոսի տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ, 22 Յունուարին ստորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տալըլտ Թրամփի նախաձեռնած Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը: Խորհուրդի նախաձեռնութեան միացան նաեւ Հայաստան եւ Ատրպէյճան:
Հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նստած էին կողք կողքի, ապա Թրամփ միացաւ անոնց:
Թէեւ վարչապետին գրասենեակը աւելի կանուխ ըսած էր, որ Փաշինեան պիտի չմասնակցի Տաւոսի ֆորումին, սակայն, ան Զուիցերիայէն մեկնեցաւ վերջին օրը՝ միանալու ամերիկեան նախաձեռնութեան:
Թրամփ, թուելով իր պաշտօնավարութեան օրերուն դադրեցուած պատերազմները՝ յիշատակեց նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Այս առաջնորդներէն շատեր դարձան իմ ընկերներս: Անոնք հիմա հոս են», ըսաւ Թրամփ:
Հաղորդուած էր, որ այս նախաձեռնութեան միանալու համար երկիրները պէտք է առաջին տարին առաւել քան մէկ միլիառ տոլար վճարեն, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը ստորագրած է առանց անդամավճարի մասնակցութեան հիմքերով:
«Խաղաղութեան խորհրդի կանոնադրութիւնը նախատեսում է խորհրդին անդամակցութիւն՝ ֆինանսական յատկացումների կամաւոր սկզբունքով: ԱՄՆ նախագահ Թրամփի կողմից հրաւէր ստացած երկիրը կարող է անդամակցել խորհրդին՝ առանց յստակ սահմանուած անդամավճարի՝ մինչեւ երեք տարի ժամկէտով, ինչը սահմանուած կարգով ենթակայ է վերանայման այդ ժամկէտը լրանալուց յետոյ: ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն է տուել Խաղաղութեան խորհրդին անդամակցութեանն այս հիմունքներով: Ձեր կողմից վկայակոչուող անդամավճարը կամաւոր է եւ վերաբերելի է կազմակերպութեանը՝ դրա կանոնադրութեան ուժի մէջ մտնելուց յետոյ մէկ տարուայ ընթացքում որեւէ երկրի կողմից մշտական անդամակցութեան ցանկութիւն յայտնելու պարագայում», յայտնեց Բադալեան:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ