Որոնել

Դանիոյ  զինուորական ներկայութիւնը Կրինլանտի մէջ Դանիոյ զինուորական ներկայութիւնը Կրինլանտի մէջ  

Դանիան ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնէ Կրինլանտի մէջ զինուորական ներկայութիւնը

Դանիան յայտարարեց Կրինլանտի մէջ իր զինուորական ներկայութեան հզօրացման մասին, մինչ արտաքին գործոց նախարար Ռասմուսեն վերահաստատեց կղզիի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ մերժելով զայն տիրանալու Ամերիկայի ձգտումները։ Միւս կողմէ, նախագահ Թրամփ պնդեց, որ Կրինլանտը անհրաժեշտ է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան համար՝ յայտարարելով, թէ Դանիան ի վիճակի չէ զայն պաշտպանել Ռուսիոյ կամ Չինաստանի հաւանական սպառնալիքներէն։

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը:

Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին:

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ ժողովէն ետք յայտնեց, որ Դանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Կրինլանտի շուրջ «խորքային տարակարծութիւն» գոյութիւն ունի:

Ան նշեց, որ երկու կողմերը «տարբեր» դիրքորոշումներ ունին:

Ռասմուսեն լրագրողներուն յայտնեց, որ «բնաւ անհրաժեշտ չէ», որ Միացեալ Նահանգներ Կրինլանտին տիրեն:

«Դանիոյ թագաւորութիւնը արդէն ամրապնդած է իր սեփական ներդրումը` զինուորական կարողութիւններու համար լրացուցիչ միջոցներ յատկացնելով: Ոչ թէ շուներու սահնակներ, այլ նաւեր, անօդաչու թռչող սարքեր, հալածիչներ եւ այլն: Եւ մենք անկասկած պատրաստ ենք աւելին ընելու: Մենք պիտի շարունակենք բանակցութիւնները, որոշած ենք ստեղծել բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբ` ուսումնասիրելու համար, թէ արդեօք կրնա՞նք յառաջ շարժելու հասարակաց ուղի գտնել», ըսաւ ան:

«Քոփենհակեն Ուաշինկթընին կոչ կ՛ուղղէ` յարգալից գործակցութեան մէջ ներքաշուելու», աւելցուց դանիական դիւանագիտութեան պետը:

Ռասմուսեն նշեց, որ Դանիոյ եւ Կրինլանտի տարածքային ամբողջականութեան խախտումը ամբողջովին անընդունելի պիտի ըլլայ:

Ան յայտարարեց, թէ Կրինլանտի մէջ ո՛չ Ռուսիայէն, ո՛չ ալ Չինաստանէն սպառնալիք կայ:

Նշենք, որ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէջ ժողովը տեւած է 90 վայրկեան:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ յայտարարած է, թէ Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է, եւ կղզիի պաշտպանութիւնը կարելի չէ Դանիոյ վստահիլ:

«Կրինլանտը շատ կարեւոր է ազգային անվտանգութեան համար, ներառեալ Դանիոյ անվտանգութեան համար: Եւ խնդիրը այն է, որ եթէ Ռուսիան կամ Չինաստանը ուզեն Կրինլանտը գրաւել, Դանիան փաստացի ոչինչ կրնայ ընել, մինչդեռ մենք կրնանք ամէն ինչ ընել: Դուք ատիկա անցեալ շաբաթ տեսաք Վենեզուելայի օրինակով», լրագրողներուն ըսած է Թրամփ:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2026, 09:37