Որոնել

2026.01.24 Kuwait -Assemblea generale annuale del Consiglio delle Chiese del Golfo

Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ Քուէյթի մէջ

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին քննարկուեցան ծոցի եկեղեցիներու ընդհանուր գործունէութիւնը, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Այս առիթով, ժողովականները այցելեցին Քուէյթի մէջ գործող եկեղեցիները, որոնց շարքին էր նաեւ Սրբոց Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցին։

2013 թուականէն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ մաս կազմելով Արաբական Ծոցի տարածաշրջանէն ներս գործող եկեղեցական խորհուրդին, հիմնադիր եկեղեցիներէն մին եղած է։ Ամէն տարի Յունուար ամսուան ընթացքին կը գումարուի սոյն խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը։

Յիշեալ Խորհուրդին մէջ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի թեմակալ առաջնորդներն ու հոգեւոր հայրերը։

Արդարեւ, 19-21 Յունուար 2026-ին, Քուէյթի մէջ գումարուեցաւ Արաբական Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ընդհանուր ժողովը, հիւրընկալութեամբ Քուէյթի իշխան Միշըլ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ-Սապահի։ Ժողովին՝ Հայ եկեղեցին կը ներկայացնէր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան։

Եռօրեայ նիստերու ընթացքին քննարկուեցան ծոցի եկեղեցիներու ընդհանուր գործունէութիւնը, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Այս առիթով, ժողովականները այցելեցին Քուէյթի մէջ գործող եկեղեցիները, որոնց շարքին էր նաեւ Սրբոց Վարդանանց հայ առաքելական եկեղեցին։

Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ գործադիր վարչութեան ընտրութիւն։ Մեսրոպ սրբազան հօր նստաշրջանը աւարտած ըլլալով՝ գործադիր վարչութեան անդամի հերթը անցաւ արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ղպտի եկեղեցւոյ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2026, 09:15