Որոնել

2026.01.29 Seminario per la qualificazione degli insegnanti assistenti della scuola domenicale

Կիրակնօրեայ օգնական ուսուցիչներու երկօրեայ որակաւորման Համագումար

Սեմինարը աղօթական եւ ընկերային մթնոլորտներով համեմուած էին: Մասնակիցները շաբաթ երեկոյեան կատարեցին խաղաղական ժամերգութիւն, որուն հիւրաբար մասնակից դարձան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կարգ մը սարկաւագները, անոր յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան, ապա` ընկերային ճոխ մթնոլորտ: Կիրակի օր անոնք ունեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ, որոնց ընթացքին անդրադարձան այն բոլոր բարիքներուն, զորս միշտ կը վայելենք, բայց յաճախ կը մոռնանք շնորհակալ ըլլալ:

Կազմակերպութեամբ Ս. Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան, շաբաթ, 24 եւ կիրակի, 25 յունուար 2026-ին «ՔՋԱԿ»-ի մէջ (Մոնթէ Վերտի) տեղի ունեցաւ օգնական ուսուցիչներու երկօրեայ որակաւորման համագումար` «Կիրակնօրեայ ուսուցիչը`  առաջնորդը, օրինակելին եւ քրիստոսանմանը» խորագիրով:Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու ընդհանուր տեսուչ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի օրհնութեամբ եւ յորդորական խօսքերով սկիզբ առաւ երկօրեայ համագումարը: Ան մեծապէս գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, կազմակերպիչ մարմինը եւ մասնակից ուսուցիչներն ու օգնականները: Ապա անդրադարձաւ այս աշխատանքին կարեւորութեան եւ այժմէականութեան, մանաւանդ` նոր սերունդին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսերուն եւ քաջալերեց նման նիւթերու յաճախակի ներկայացումը:

Շուրջ երկու օրերու ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան չորս նիւթերու.

Ա.- «Հրապարակախօսութիւն եւ մարմնի լեզուն», դասախօս` Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան,

Բ.- «Կիրակնօրեայ ուսուցիչին տիպարը», դասախօս` Նորայր սրկ. Տալգըլըճեան,
Գ.- «Մանուկներու հոգեբանական մօտեցումը», դասախօս`  Ռաքէլ Քէչէչճեան,
Դ.- «Դասի պատրաստութեան եւ մատուցման մեթոտներ», դասախօս` Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան:

Իբրեւ համագումարի վերջին փուլ` մասնակիցները իրենց ձեռք բերած նոր գիտելիքները օգտագործեցին պատրաստելու իւրաքանչիւր տարիքային բաժանմունքի յատուկ դասի ծրագիր, որ կ՛ընդգրկէր գործուն ուսուցում (active learning), հոգեբանական մօտեցում եւ առօրեայ կեանքի վերաբերող քրիստոնէական արժէքներ: Ապա իւրաքանչիւր ուսուցիչ  իր պատրաստած նիւթը ներկայացուց` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով մարմնի լեզուին, խօսակցութեան ոճին եւ մատուցման ռազմավարութեան:

Հարկ է յիշել, որ սոյն սեմինարը աղօթական եւ ընկերային մթնոլորտներով համեմուած էին: Մասնակիցները շաբաթ երեկոյեան կատարեցին խաղաղական ժամերգութիւն, որուն հիւրաբար մասնակից դարձան Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կարգ մը սարկաւագները, անոր յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան, ապա` ընկերային ճոխ մթնոլորտ: Կիրակի օր անոնք ունեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ, որոնց ընթացքին անդրադարձան այն բոլոր բարիքներուն, զորս միշտ կը վայելենք, բայց յաճախ կը մոռնանք շնորհակալ ըլլալ:

Կիրակի կէսօրին տեղի ունեցաւ անակնկալ տարեդարձ եւ կարկանդակի հատում, որուն յաջորդեց համագումարի ընդհանուր արժեւորում:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 07:24