Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

Մեսրոպեան վարժարանի Հինգ շրջանաւարտներ՝ Հայկազեան Համալսարանի «Նախագահի պատուոյ ցանկ»-ին վրայ

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հինգ շրջանաւարտներ, իրենց ակադեմական գերազանցութեան շնորհիւ, ընդգրկուած են Հայկազեան Համալսարանի նախագահի պատուոյ ցանկին մէջ: Այս առթիւ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան պաշտօնական գնահատագիրով շնորհաւորած է վարժարանի տնօրէնութիւնը՝ դրուատելով ուսանողներուն նուիրումն ու յաջողութիւնները:

Վատիկան Նիւզ - Վատիկան

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը մեծ հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի հինգ շրջանաւարտներ արժանացած են ակադեմական բարձրագոյն գնահատանքի։ Անոնք ընդգրկուած են Հայկազեան Համալսարանի Նախագահի պատուոյ ցանկին մէջ (President’s Honor List)՝ 2025–2026 ուսումնական տարուան աշնանային կիսամեակին համար։

Պաշտօնական գնահատագիր

Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, պաշտօնական նամակով մը իր շնորհաւորանքը յղեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան։ Նամակին մէջ Վերապատուելին յատուկ կերպով ընդգծեց ուսանողներուն ակադեմական գերազանցութիւնը եւ բարձր գնահատեց անոնց նկարագիրը՝ որպէս գիտակից ու նուիրեալ քաղաքացիներու նոր սերունդ։

Պատուոյ ցանկի արժանացած ուսանողները

Մեսրոպեանի փառքը բարձր պահած շրջանաւարտներն են.

Էնտրու Քոմպէճեան

Քեթրին Թորոսեան

Ճորճիօ Գալուստ

Մարք Կիւլկիւլեան

Մելանի Չաքըրեան

Վարժարանի տնօրէնութիւնը սրտանց կը շնորհաւորէ իր սաներն ու անոնց ընտանիքները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ շարունակական յաջողութիւններ իրենց ակադեմական ու մասնագիտական ասպարէզներուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2026, 14:36