«Երգենք Փրկչին ծնունդը» խորագրեալ համերգ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կամարները զարդարուեցան Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ մանկապատանեկան «Նարեկացի» երգչախումբերուն «Երգենք Փրկիչին Ծնունդը» խորագրեալ Սուրբ Ծննդեան համերգով, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, Շաբաթ, 3 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աննա Նազարեան։ Ան ըսաւ, որ զոյգ երգչախումբերը Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը կը դիմաւորեն երգով ու ցնծութեամբ՝ յիշեցնելով, որ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ Սուրբ Ծնունդը կեանքի նորոգութեան եւ ճշմարիտ Լոյսին գալուստն է։ «Այսօր համախմբուած ենք մեր եկեղեցւոյ գմբէթին ներքոյ՝ մեր սիրտերը համերաշխ, մեր հոգիները լի ցնծութեամբ, մեր շրթունքները պատրաստ՝ երգելու ու փառաբանելու, որովհետեւ այս գեղարուեստական ու հոգեւոր երեկոն նուիրուած է Սուրբ Ծննդեան հրաշալի խորհուրդին», ըսաւ Նազարեան եւ մաղթեց, որ երեկոն գեղարուեստական վայելք եւ երգերը իբրեւ աղօթք բարձրացնելու առիթ ըլլան: «Թող Քրիստոսի ծննդեան լոյսը նորոգէ մեր հոգիները, մեր սիրտերը լեցնէ սիրով եւ խաղաղութիւն տարածէ մեր ընտանիքներուն ու մեր Հայրենիքին» մաղթեց ան։
Տէրունական աղօթքով ընթացք առաւ համերգը եւ շարունակուեցաւ 17 երգերով՝ հայերէն թէ օտար շարականներով, ինչպէս նաեւ կաղանդի երգերով, որոնց կ՚ընկերակցէր Սուրբ Ծնունդի աւետումը պատկերող պատում։ Դիւթիչ էին յատկապէս Հայկանա Մուրատեանի «Ավէ Մարիա», Արին Մարգարեանի «Օրօր Յիսուս Մանուկին» եւ հիւրաբար հրաւիրուած Լոռի Կիւլիւմեանի «Mary Did You Know» մեներգները։ Համերգի աւարտին երգչախումբերը ներկայացուցին Նոր տարուան փունջ մը երգեր՝ մշակուած Արփի Ճանիկեանի կողմէ։ Ընթացքին մեներգով հանդէս եկաւ նաեւ Քրիստին Անտէքեան։ Նշենք, որ դաշնամուրի նուագակցութեամբ երգչախումբերուն ընկերացան Համբիկ Մարտիրոսեան եւ Քէվըն Սոլաքեան։
Համերգը փակուեցաւ Քրիստոսի ծնունդը աւետող «Խորհուրդ մեծ» հոգեթով շարականի հիանալի կատարողութեամբ։
Համերգի աւարտին իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան գնահատեց երգչխումբերը՝ յատկապէս «Նարեկացի»ի փոքրիկները, որոնց ծնողները ազգային գիտակցութենէ մեկնած՝ իրենց զաւակներուն քայլերը կ՚ուղղեն դէպի Հայ եկեղեցի եւ մշակոյթ։ Հայրապետը նաեւ գնահատեց խմբավար հայր սուրբին տքնաջան աշխատանքը՝ իրականացնելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ այս համերգը նախատօնակ մըն էր Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն եւ հրաւիրեց մեր ժողովուրդը շարունակելու ապրիլ այս սուրբ խորհուրդը յաջորդող օրերուն՝ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններու ճամբով։ «Նոր տարիով բացուող այս օրերուն, կ՚աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր ժողովուրդին կեանքը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, ուր որ հայու շունչ կայ, լեցնէ խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ ու սիրով եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պարգեւէ երկար, առողջ, յաջող եւ երջանիկ օրեր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ