Որոնել

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի ամանորեան պատգամը. Եկէք վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով դիմաւորենք նոր տարին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը մտահոգուած Հայաստանի ճակատագրական վիճակով, կոչ կ՚ընէ համազգային ճիգերով լծուիլ հայրենիքի փրկութեան գործին՝ ցաւելով իր նախկին առաջարկներուն անարձագանգ մնալուն համար: Վեհափառը Նոր տարին կը հռչակէ «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»՝ յորդորելով հայորդիները ինքնաքննութեամբ սրբագրել սխալները եւ գործնական սիրով ու օժանդակութեամբ զօրավիգ կանգնիլ կարիքաւորներուն:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Նոր տարին կը դիմաւորենք տագնապներով ու անորոշութիւններով լեցուն պայմաններու մէջ:

Արդարեւ, ճակատագրական օրեր կ՛ապրի Հայաստանը: Քաջ գիտնալով, որ մեր հայրենիքը կրնայ վտանգալից կացութեան մատնուիլ, երկիրը վտանգներէ հեռու պահելու մեր իրատես մօտեցումը յաճախակի կերպով պարզեցինք. Սուրբ Էջմիածնի ներքին հարցերը ներեկեղեցական միջոցներով քննելու ու համապատասխան լուծումներ գտնելու հրամայականը շեշտեցինք. համահայկական արժէքներու ու իտէալներու շուրջ համախմբուելու անհրաժեշտութիւնը յիշեցուցինք եւ նոյնիսկ Հայաստան երթալու, մեր ժողովուրդի կողքին ըլլալու ու հարցերու լուծման օգտակար դառնալու Մեր պատրաստակամութիւնը բազմիցս յայտնեցինք: Սակայն, Մեր մօտեցումները մնացին անարձագանգ:

Իր երակներուն մէջ հայու արիւն կրող հայը չի կրնար անտարբեր մնալ Հայաստանին պարզած ներկայ տխուր ու վտանգալից պատկերին դիմաց: Չի՛ բաւեր միայն ցաւը ապրիլ, այլ` իրականութիւնը հարկ է տեսնել, ճշմարտութիւնը հարկ է ըսել:

Արդ, Նոր տարին ո՛չ միայն առիթ է անդրադառնալու այս մասին, այլ նաեւ հրաւէր է ուղղուած աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն` մասնակից դառնալու հայրենիքի փրկութեան համազգային ճիգին:

Նոր տարին յիշեցում մըն է նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին մեր անձերէն անդին` մտածելու մեր նմաններուն մասին` կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, կարօտեալ ուսանողներուն, դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն մասին, մեր բարեսիրական ու ընկերային կառոյցներուն մասին,  եւ օժանդակութեան ձեռք երկարելու անոնց: Արդարեւ, մեր նմանին օգնելով է, որ մենք կ՛ուրախանանք եւ կ՛արժանանանք Աստուծոյ խնամքին ու օրհնութեան:

Նոր տարին նաեւ ինքնաքննութեան առիթ է: Կեանքի ժխորին  մէջ յաճախ կը մոռնանք մեր սխալները եւ թերացումները: Եկէք իրապաշտ մօտեցումով քննենք մեր անձերը, մեր կատարած գործերը եւ ընդհանրապէս մեր ապրած կեանքը, որպէսզի կարենանք մեր սխալները սրբագրելու յանձնառութեամբ եւ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով դիմաւորել Նոր տարին:

Բացուող Նոր տարին Հայրապետական հռչակագրով յայտարարած ենք «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»: Արդ, որքա՜ն կարիքը ունինք հոգեւոր արժէքներով կենսաւորելու մեր կեանքը:

Եկէք, սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, ա՛յս մտածումներով ու մանաւանդ պատրաստակամութեամբ դիմաւորենք Նոր տարին:

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ մեր հայրենիքը պահէ ամուր, ազգը` անսասան ու մեր ընտանիքները` երջանիկ, հեռու ամէն տեսակ չարերէ ու չարիքներէ, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն պարգեւէ առողջ, յաջող ու երկար տարիներ:

Շնորհաւոր Նոր տարի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2026, 11:25