Լատին Ամերիկայի մէջ անհաւասարութեան տագնապը. Սեփալի 2025-ի զեկոյցը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ՄԱԿ-ի Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան աւազանի տնտեսական յանձնաժողովի (CEPAL) տարեկան զեկոյցը ցոյց կու տայ եկամուտներու բաշխման ծայրայեղ անհաւասարութիւն. ամենահարուստ 10%-ը կը տիրանայ ընդհանուր եկամուտի 34,2%-ին, մինչդեռ ամենաաղքատ 10%-ը կը ստանայ միայն 1,7%-ը: Թէեւ դրամական աղքատութիւնը 2024-ին հասած է իր պատմական նուազագոյն մակարդակին (25,5%), սակայն ծայրայեղ աղքատութիւնը տակաւին կը հարուածէ 62 միլիոն մարդ: Զեկոյցը կը շեշտէ «անհաւասարութեան թակարդը», ուր աշխատանքի պակասը եւ կրթական մեծ բացերը կը խոչընդոտեն ընկերային վերելքը:
Յատկապէս խոցելի են հաշմանդամութիւն ունեցողները, բնիկ ժողովուրդներն ու գաղթականները, որոնք աշխատանքի եւ կրթութեան ասպարէզին մէջ խտրականութեան կը հանդիպին: Սեփալի քարտուղար Խոսէ Մանուէլ Սալազար-Խիրինախսը կ՚առաջարկէ հինգ կէտերէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը՝ կրթութեան բարելաւման, որակեալ աշխատատեղերու ստեղծման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջոցաւ այս ճահիճէն դուրս գալու համար: Առանց կառուցուածքային բարեփոխումներու, աղքատութեան նուազումը կը մնայ փխրուն եւ անբաւարար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ