Որոնել

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան 

«Ինչպէս միշտ, կը շարունակենք մնալ մեր ժողովուրդին կողքը» Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան

Անշուշտ մեր աղօթքը եւ բարեմաղթութիւնը այն է, որ այս տօնական մթնոլորտին մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոստացած խաղաղութիւնը ֆիզիքական իմաստով մենք զգանք, տեսնենք եւ հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնը դարձեալ տիրէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ։

Հալէպի մէջ տեղի ունեցող  մտահոգիչ զարգացումներուն առընթեր «Արեւելք» դիմեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, որ «Արեւելք»ի հարթակով հակիրճ  եւ բովանդակալից պատգամ մը յղեց մեր ընթերցողներուն եւ յատկապէս Հալէպի զարգացումներուն հետեւողներուն ու մինչեւ այս  ժամանակները Հալէպի մէջ իրենց կեանքը շարունակող քաջարի հալէպահայերուն։

Եւ այսպէս Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ըսաւ ՝

«Այս բոլոր տագնապներուն մէջ Քրիստոսի մեզի բերած խաղաղութիւնը միակ սփոփանքը եւ մխիթարութիւնն է, անկեղծ ըսած։

Կացութիւնը դարձեալ լարուեցաւ եւ տակաւին քրտական ուժերու եւ սուրիական զօրքի, ազգային ուժերու միջեւ անհանդարտ կացութիւն մը կայ եւ Հալէպ քաղաքը կորսնցուց իր անդորրը եւ նաեւ փակուեցան դպրոցներ, փակուեցան պետական գրասենեակներ, այլ խօսքով, կեանքը ձեւով մը անդամալուծուեցաւ։ Այս անդամալուծուած կեանքի ընդհանուր դրուածքին մէջ մենք կը փորձենք մեր ժողովուրդին տրամադրութիւնը բարձրացնել, կը փորձենք իրենց կողքին ըլլալ, իրենց կարիքներուն հասնիլ, եւ նաեւ անաչառ կերպով մեր շուրջը, մեր եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն շուրջը գտնուող բոլոր ընտանիքներուն, յատկապէս տեղահաններուն կը փորձենք օգտակար ըլլալ մեր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ, անոնց ապահովելով ծածկոցներ, երբեմն ուտելիք եւ մաքրողական նիւթեր։

Անշուշտ մեր աղօթքը եւ բարեմաղթութիւնը այն է, որ այս տօնական մթնոլորտին մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի խոստացած խաղաղութիւնը ֆիզիքական իմաստով մենք զգանք, տեսնենք եւ հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնը դարձեալ տիրէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ։

Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութեանց Հայաստան մեր հայրենիքը կը շարունակէ մնալ մեր մտասեւեռումին մէջ»։ 

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2026, 10:17