Որոնել

Civilians continue to flee neighborhoods in Aleppo amid continued clashes

ԱՄՆ-ն ողջունած է Հալէպի մէջ յայտարարուած հրադադարը

«Միացեալ Նահանգները ջերմօրէն կ՚ողջունէ Հալէպի Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ գիշերը ձեռք բերուած ժամանակաւոր հրադադարը եւ խոր երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր կողմերուն՝ Սուրիոյ կառավարութեան, Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերուն, տեղական իշխանութիւններուն եւ համայնքային առաջնորդներուն՝ այս կարեւոր դադարը հնարաւոր դարձուցած զսպուածութեան եւ բարի կամքի համար»,-նշած է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքը X-ի էջին գրառման մէջ

Միացեալ Նահանգները ողջունած է Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ Հալէպի քրտաբնակ թաղամասերուն մէջ յայտարարուած հրադադարը։ Այս մասին X-ի էջին գրառման մէջ յայտնած է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքը։

«Միացեալ Նահանգները ջերմօրէն կ՚ողջունէ Հալէպի Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ գիշերը ձեռք բերուած ժամանակաւոր հրադադարը եւ խոր երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր կողմերուն՝ Սուրիոյ կառավարութեան, Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերուն, տեղական իշխանութիւններուն եւ համայնքային առաջնորդներուն՝ այս կարեւոր դադարը հնարաւոր դարձուցած զսպուածութեան եւ բարի կամքի համար»,-նշած է ան գրառման մէջ։

Ան յոյս յայտնած է առաջիկային աւելի երկարատեւ անդորրի եւ աւելի խոր երկխօսութեան՝ շեշտելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը բախման փոխարէն։

«Մենք աշխուժ կ՚աշխատինք այս հրադադարը եւ փոխըմբռնման ոգին երկարաձգելու ուղղութեամբ՝ այսօր առաւօտեան ժամը 9-ի վերջնաժամկէտէն ետք»,- նշած է ան։

Աւելի վաղ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերու շրջակայքը հրադադարի մասին՝ ռազմական իրավիճակը դադրեցնելու եւ օրէնքի գերակայութեան ու բնակիչներու վերադարձի համար ճանապարհ հարթելու նպատակով։ Նախարարութիւնը պահանջած է Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ գտնուող զինուած խմբաւորումներէն լքել տարածքը՝ թոյլատրելով անոնց կրել միայն անձնական թեթեւ զէնք։ Սուրիոյ արաբական բանակը յանձն առած է ուղեկցիլ եւ ապահովել անոնց անվտանգ անցումը երկրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող տարածքներ։

Հալէպի մէջ յունուար 6-ին բախումներ սկսած են քիւրտերու գլխաւորած «ՔԱՍԱՏ» (Սուրիայի դեմոկրատական ​​ուժերու) եւ սուրիական բանակի միջեւ, որոնք յանգեցուցած են քաղաքացիական բնակչութեան շարքերէն զոհերու եւ լայնածաւալ նիւթական վնասներու։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2026, 14:18