Որոնել

2021.11.26 Damasco, danni provocati dai combattimenti e dai bombardamenti durante la guerra nella periferia della capitale della Siria. 19 novembre 2021

Դամասկոսի եւ Քիւրտերու միջեւ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութիւն

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք ողջունեց Սուրիոյ կառավարութեան ու քրտական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` բարձր գնահատելով «յանդուգն քայլերը», որոնք երկու կողմերը որդեգրած են:

Սուրիոյ կառավարութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հետ համապարփակ զինադադարի համաձայնութեան եւ աստիճանական համարկման գործողութեան շուրջ փոխհասկացողութեան գոյացումը յայտարարեց:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, թէ գոյացած համաձայնութիւնը կ՛երաշխաւորէ զինադադարը եւ երկու կողմերուն միջեւ հաստատութիւններու, զինուորական, ապահովական ուժերու եւ վարչական կառոյցներու աստիճանական համարկումի հոլովոյթի մը սկիզբը:

Անոնք աւելցուցին, որ համաձայնութիւնը կը ներառէ զինուորական ուժերու հեռացում շփման գիծերէն եւ ներքին գործոց նախարարութեան ապահովական ուժերու մուտքը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Հասաքէի եւ Գամիշլիի կեդրոններ, ինչպէս նաեւ կազմութիւնը զինուորական խումբի մը, որ կը ներառէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու զօրամասերը:

Պարրաք. «Նշանակալից, Խոր Ու Պատմական Պահ»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաք ողջունեց Սուրիոյ կառավարութեան ու քրտական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` բարձր գնահատելով «յանդուգն քայլերը», որոնք երկու կողմերը որդեգրած են:

Պարրաք համաձայնութիւնը որակեց «Սուրիոյ դէպի ազգային հաշտութիւն, միասնութիւն եւ տեւական կայունութիւն երթին մէջ նշանակալից, խոր ու պատմական պահ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 08:27