Սուրիոյ ապագան կախեալ է Թել Աւիւի հետ ապահովական համաձայնութենէն. Ուաշինկթըն
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ եւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք, մեկնաբանելով Կազայի մէջ բազմազգ ուժին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ ըսաւ, թէ ինք կը կարծէ, որ թրքական ուժ մը կրնայ օգնել. անիկա «Համաս» շարժումը դիմակայելու կարողութիւններ ունի:
«Թուրքիա Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական քաղաքականութիւն չունի, եւ Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումը վերջին բանն է, որուն մասին կը մտածէ», պնդեց Պարրաք՝ աւելցնելով. «Մեր առաջարկը այն էր, որ թրքական ուժերը կրնան կացութեան հանդարտեցման նպաստել: Կը հասկնամ, թէ Իսրայէլ ինչո՛ւ անոր չի վստահիր, սակայն այո՛, կը կարծեմ, որ անիկա կրնայ օգնել։ Կայ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի կարելիութիւնը»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ «Էֆ. 35» օդանաւեր ծախելու հարցին` Պարրաք ըսաւ, թէ Իսրայէլ կտրուկ եւ խիստ կերպով անոր դէմ է, եւ այդ մէկը, իրենց ակնոցով դիտուած՝ հասկնալի է:
«Կարելի չէ ձեզ շրջապատող իւրաքանչիւր երկրի դէմ պատերազմիլ եւ յարձակում գործել: Կը հաւատամ, թէ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ համաձայնութեան մը պիտի հասնինք: Այդ մէկը Իսրայէլի շահերէն կը բխի: Սուրիա կը գիտակցի, թէ իր ապագան կախեալ է Իսրայէլի հետ ապահովական համաձայնութենէն եւ սահմանային գօտիէն, եւ զինք յառաջ մղողը Իսրայէլի դէմ յարձակում գործելը չէ», ըսաւ Պարրաք՝ նաեւ Իսրայէլին իր պատգամը յղելով:
Միւս կողմէ, Ներկայացուցիչներու տունը ջնջեց «Սիզըր»ի օրէնքը, որ հաստատուած էր Սուրիոյ դէմ: Ներկայացուցիչներու տունը նշեց, որ Սուրիա պէտք է «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին մէջ շօշափելի քայլեր որդեգրէ, յարգէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, դրացի երկիրներուն դէմ զինուորական միակողմանի քայլերէ ետ կանգնի, դրամներու լուացման եւ ահաբեկչութեան աջակցութեան դէմ պայքարի, հաշուետուութեան ենթարկէ նախկին վարչակարգի օրերուն մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ պայքարի թմրեցուցիչներու արտադրման դէմ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց պատժամիջոցներու ջնջումը: «Ծերակոյտին մէջ յաջորդ շաբաթ սպասուող քուէարկութիւնը հիմը պիտի դնէ ներածման, հիմնական նիւթերու եւ բժշկական սարքերու ներածման, վերաշինութեան ծրագիրներու պայմաններու ստեղծումին եւ ազգային տնտեսութեան աշխուժացումի փուլի», յայտնեց նոյն նախարարութիւնը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ