«Եօթներու խմբակ»ը «Եօթներու խմբակ»ը  (AFP or licensors)

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի. Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ «Եօթներու խմբակ»-ին այլընտրանք ստեղծելու գաղափարը

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Աննա Քելլին մերժած է «Փոլիթիքօ»-ին հաստատել փաստաթուղթի գոյութիւնը, սակայն ազգային անվտանգութեան փորձագէտները նշած են, թէ «Հինգերու խմբակ»-ի ստեղծումը կը բխի ներկայ վարչակազմի շահերէն:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը քննարկէ կարելիութիւնը ստեղծելու հինգ պետութիւններէ բաղկացած նոր դաշինք մը, որ պիտի ըլլայ «Եօթներու խմբակ»-ին այլընտրանքը, եւ որուն պիտի մասնակցին Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ճափոն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն:

«Տիֆենս Ուան» կը պնդէր, որ այս կէտը ներառուած է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան չհրապարակուած տարբերակին մէջ: Հարթակին տուեալներով` Թրամփի վարչակազմը կը քննարկէ «Եօթներու խմբակ»-ի պահանջներէն ու պայմաններէն անկախ նոր դաշինք ստեղծելու հարցը: «Հինգերու խմբակ»-ի օրակարգի առաջին կէտը կրնայ ըլլալ Միջին Արեւելքի տագնապի լուծումը, մասնաւորաբար` Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Աննա Քելլին մերժած է «Փոլիթիքօ»-ին հաստատել փաստաթուղթի գոյութիւնը, սակայն ազգային անվտանգութեան փորձագէտները նշած են, թէ «Հինգերու խմբակ»-ի ստեղծումը կը բխի ներկայ վարչակազմի շահերէն:

«Ասիկա կը համապատասխանէ անոր, թէ նախագահ Թրամփը ինչպէ՛ս կը դիտարկէ աշխարհը` ոչ թէ գաղափարախօսութեան պրիսմակէն, այլ ուժեղ ղեկավարներու նկատմամբ համակրանքի եւ իրենց շրջաններուն մէջ ազդեցութեան ոլորտներ պահպանող հզօր երկիրներու հետ համագործակցելու հակուածութեան միջոցով», օրաթերթին ըսած է նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարութեան շրջանին Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան մէջ ծառայած Թորի Թաուսիկ:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 07:00