Որոնել

Քոնկօ, պատերազմ Քոնկօ, պատերազմ  (AFP or licensors)

Քոնկօ. Մանուկներու դէմ սեռային բռնութեան ահագնացող տագնապ

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ մանուկներու դէմ սեռային բռնութիւնը հասած է ահագնացող մակարդակի՝ 2024-ին արձանագրելով շուրջ 45,000 դէպք, ինչ որ երեք անգամ կը գերազանցէ 2022-ի տուեալները: UNICEF-ը ահազանգ կը հնչեցնէ ֆինանսաւորման կտրուկ նուազման վերաբերեալ եւ կոչ կ'ընէ միջազգային ընտանիքին անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ պաշտպանելու խոցելի երեխաները եւ պատժելու ոճրագործները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ըստ UNICEF-ի 30 Դեկտեմբեր 2025-ի զեկոյցին, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ մանուկներու դէմ սեռային բռնութիւնը վերածուած է համաճարակային եւ համակարգային երեւոյթի։ Թէեւ զինեալ հակամարտութիւնը հիմնական պատճառներէն մէկն է, սակայն բռնութեան դէպքերը կտրուկ աճ արձանագրած են բոլոր նահանգներուն մէջ սկսեալ 2022 թուականէն։

Վիճակագրական տուեալները ցոյց կու տան աղէտալի պատկեր մը․

2025-ի առաջին ինն ամիսներուն արձանագրուած է աւելի քան 35,000 դէպք։

2024-ին թիւը հասած էր գրեթէ 45,000-ի, որ երեք անգամ աւելի է 2022-ի համեմատութեամբ։

Զոհերուն մեծամասնութիւնը դեռահաս աղջիկներ են, թէեւ տղաքն ու հաշմանդամութիւն ունեցող մանուկները նոյնպէս թիրախ են, բայց յաճախ չեն զեկուցուիր։ UNICEF-ի տնօրէն Քեթրին Ռասըլ կը նշէ, որ իրական թիւերը հաւանաբար շատ աւելի բարձր են, քանի որ վախը, ընկերային խարանը եւ ապահովութեան պակասը կը կաշկանդեն զոհերը։ Բռնութիւնները կեդրոնացած են Հիւսիսային ու Հարաւային Քիւուի եւ Իթուրիի մէջ, բայց տարածուած են նաեւ Քինշասայի եւ Քասայիի պէս շրջաններ, ուր աղքատութիւնն ու դպրոցական լքումը զանոնք աւելի խոցելի կը դարձնեն։

Վերապրողները կը դիմագրաւեն ծանր հետեւանքներ՝ ֆիզիքական վնասուածքներ։ Հակառակ UNICEF-ի ջանքերուն, որոնք 2024-ին օգնած են աւելի քան 24,000 մանուկներուն, նիւթական միջոցներու նուազումը վտանգաւոր է 2025-ին ծրագիրներուն միայն 23%-ը ֆինանսաւորուած է։

UNICEF-ը կոչ կ'ընէ կառավարութեան եւ միջազգային ընտանիքին․ Անյապաղ դադրեցնել մանուկներու դէմ բռնութիւնը եւ յարգել միջազգային օրէնքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2026, 05:22