Որոնել

Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ Ուքրանիա, Ռուսիա պատերազմ  (AFP or licensors)

Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանակցութիւնները կը բախին զօրաւոր խոչընդոտներու

Ո՛չ Սուրբ Ծննդեան զինադադար, ո՛չ զիջում՝ հողային տարածքներու հարցով, եւ ո՛չ ալ ՆԱԹՕ-ի զօրքերու ներկայութիւն ուքրանական հողերուն վրայ։ Մոսկուան կը պաղեցնէ հակամարտութեան աւարտին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները՝ Պերլինի վեհաժողովէն ետք, մինչդեռ Ուքրանիոյ նախագահ Զելենսքին յայտարարած է, որ մշակուած բանակցային առաջարկները շուտով պիտի փոխանցուին Քրեմլինին։ Միեւնոյն ժամանակ, գետնի վրայ կը շարունակուին բուռն ու դաժան մարտերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանակցութիւնները կը բախին զօրաւոր խոչընդոտներու. Մոսկուան վերստին կը հաստատէ իր մերժումը՝ թէ՛ Սուրբ Ծննդեան զինադադարի եւ թէ՛ ուքրանական հողերուն վրայ ՆԱԹՕ-ի զօրքերու որեւէ ներկայութեան վերաբերեալ՝ հաստատ մնալով Տոնպասի հարցով իր դիրքորոշման մէջ։ Նախագահ Զելենսքին կը հաւաստիացնէ, որ ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ վերամշակուած բանակցային առաջարկները շուտով պիտի ուղարկուին Մոսկուա, մինչ արեւմտեան անվտանգութեան համաձայնագիրերու շուրջ խորհրդակցութիւնները դեռ յստակացումի փուլի մէջ են։

Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները պատրաստած են երաշխիքներու ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ ուքրանական ուժերու հզօրացում, եւրոպական զօրքերու տեղակայում եւ ամերիկեան հետախուզութեան աճ։ Եւրոպայի մէջ քննարկումներ կը կատարուին ռուսական սառեցուած գոյքերը Ուքրանիոյ վերակառուցման համար օգտագործելու շուրջ, որուն ի պատասխան Մոսկուան կը սպառնայ խիստ հակազդեցութեամբ։ Զինուորական ճակատին վրայ մարտերը կը շարունակուին ռուսական ռազմական կարողութիւններու հզօրացմամբ, սակայն գետնի վրայ կան նաեւ ժամանակաւոր լարուածութեան մեղմացման նշաններ, ինչպէս օրինակ՝ ուքրանացի քաղաքային գերիներու արձակումը։ Պատերազմը կը մնայ սաստիկ եւ մշտական փոփոխութեան ենթակայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 11:02