Սուտան. 10 հազար տեղահանուածներ՝ Տարֆուրի եւ Քորտոֆանի մէջ բռնութիւններուն հետեւանքով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աւելի քան 10,000 հոգի ստիպուած եղած են լքել իրենց տուները Հիւսիսային Տարֆուրի եւ Հարաւային Քորտոֆանի մէջ՝ Սուտանի մէջ տիրող բռնութիւններու վերջին ալիքին պատճառով։ Այս մասին ահազանգած է գաղթականներու միջազգային կազմակերպութիւնը։ Ըստ ՄԱԿ-ի գործակալութեան, անցեալ շաբաթ Հինգշաբթիէն ուրբաթ աւելի քան 7,000 բնակիչ լքած է Չատի սահմանին մօտ գտնուող Քերնոյի եւ Ում Պարու քաղաքները։ Նոյն ատեն, Չորեքշաբթիէն Ուրբաթ շուրջ 3,100 հոգի փախած է Քատուքլիէն՝ Հարաւային Քորտոֆանի մայրաքաղաքէն։
Յատկապէս Քատուքլիի տարածքին մէջ, ուր նոյեմբերին սով յայտարարուած էր, սուտանեան ուժերը անօդաչու սարքերով հարուածած են զինուորականներու դիրքերը Պորնոյի մէջ, նպատակ ունենալով կասեցնել անոնց յառաջխաղացումը երկրի կեդրոնական եւ հարաւային հատուածներուն մէջ։
Սուտանի պատերազմը արդէն պատճառած է առնուազն 150,000 զոհ եւ աւելի քան 13 միլիոն տեղահանուած ու գաղթական։ Այս տուեալները տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուած հաշուարկներ են, զորս դժուար է ստոյգ ստուգել տեղւոյն վրայ տիրող անապահովութեան պատճառով։ Ըստ ՄԱԿ-ի, 50 միլիոն բնակչութեան աւելի քան կէսը կը գտնուի պարենային լուրջ անապահովութեան մէջ. միայն այս տարի աւելի քան 17 միլիոն հոգի ստացած է շտապ մարդասիրական օգնութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ