Որոնել

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը 

Գումարուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան լիակատար նիստերը

Նիստերու աւարտին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը հրապարակեց միացեալ յայտարարութիւն մը

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ, 10-11 Դեկտեմբեր 2025-ին, գումարուեցան Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) գործադիր վարչութեան լիակատար նիստերը: Արդարեւ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ժողովին մասնակցեցան Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Սան Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան։

Առաջին օրը, բացման աղօթքէն ետք, վարչութեան անդամները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ իրենց յարգանքը մատուցին Միջին Արեւելքի ու ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած պատերազմներու, հակամարտութիւններու եւ աղէտներու զոհերուն։ Հուսկ, վաւերացուեցաւ նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը: Նիստերու ընթացքին քննարկուեցան շարք մը վարչական ու տնտեսական հարցեր: Վարչութեան անդամները շեշտեցին տարածաշրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն դիմաց քրիստոնէական յոյսն ու ոգին եւ եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը առաւել զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը: Խորհուրդի պատասխանատուները ժողովականներուն ներկայացուցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրներն ու տեսլականը:

Երկրորդ օրը, վարչութիւնը յատուկ կարգադրութեամբ այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի: Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապս նախագահին ծանօթացուց Խորհուրդի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին, ժողովականներն ու նախագահը իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը:

Նիստերու աւարտին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը վերոնշեալ հարցերը բովանդակող միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 11:35