Il Papa in Libano, chiedo unit� per la Chiesa e pace per mondo

Արձագանքներ Լեւոն Պապին Լիբանան այցելութեան վերաբերեալ

«Անոր ներկայութիւնը մեզի Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքի ուժի եւ միասնութեան մասին կը յիշեցնէ, իսկ անոր խաղաղութեան ուղերձը շատ տառապած ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէ»

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի հետ քննարկեց Լեւոն ԺԴ. Պապին Աայցելութեան արդիւնքները

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան արդիւնքներուն եւ այդ այցելութեան պարունակած խաղաղութեան, ընկերային, բարոյական ու մարդասիրական կեցուածքներուն:

Ուալիտ Ժոմպլաթ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ, անդրադառնալով Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան կատարած եռօրեայ այցելութեան, նշեց. «Լեւոն ԺԴ. պապը յաջողութեամբ շեշտը դրաւ երկխօսութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան սկբզունքներուն վրայ` ի տարբերութիւն բոլոր կողմերէն եկող յոռետեսութեան, տեսութիւններու եւ պատերազմի առաքեալներուն»:

Լինտսի Կրահամ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ազդեցիկ անդամ Լինտսի Կրահամ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Լեւոն ԺԴ. պապի Լիբանան այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ կարեւորագոյն պահուն»:

«Անոր ներկայութիւնը մեզի Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքի ուժի եւ միասնութեան մասին կը յիշեցնէ, իսկ անոր խաղաղութեան ուղերձը շատ տառապած ժողովուրդին յոյս կը ներշնչէ», աւելցուց քոնկրեսականը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2025, 09:07