Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները տեսակցեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն հետ
Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները 24 եւ 25 Դեկտեմբերին, տեսակցութիւններ ունեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հաստատուած հայ բանտարկեալներուն հետ, լրատուամիջոցներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի, որ նաեւ նշեց, թէ տեսակցութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ անձերուն առողջութիւնը, անոնց հանդէպ վերաբերումը եւ պահման պայմաններու գնահատումը:
Ընտանիքներուն կողմէ ծանրոցներ չփոխանցուեցան։ տեսակցութեան ծիրին մէջ ԿԽՄԿի ներկայացուցիչները առանձնազրոյցներ ունեցան իւրաքանչիւր անձի հետ: Տեսակցութիւնները կազմակերպուած էին Կարմիր Խաչի Ժընեւի կեդրոնատեղիին կողմէ:
Ասոր զուգահեռ, ինչպէս միշտ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Պաքուի դատարանին մէջ իրենց վերջին խօսքը արտասանեցին Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ զօր. Լեւոն Մնացականեան: Ասիկա անոնց վերջին «դատական» նիստն էր:
Մնացականեան դարձեալ հերքեց իրեն դէմ ուղղուած բոլոր մեղադրանքները: Ան ներկայացուց իր ելոյթին 51 էջերէ բաղկացած սղագրութիւնը՝ «դատավարութեան» արձանագրութիւններուն մէջ ներառելու համար:
Ապա ելոյթ ունեցան Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, որոնք նոյնպէս հերքեցին իրենց դէմ ներկայացուած մեղադրանքները: Ղուկասեան ընդգծեց, որ մեղադրող կողմը «Խորհրդային Ղարաբաղ» թերթին մէջ իր գործունէութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ յանցանք, բան մը, որուն ինք համաձայն չէ: Ան բացատրեց, որ ինք թերթին խմբագիրին չորս օգնականներէն մէկն էր եւ կատարած է ռուսերէն թարգմանութիւններ, եւ որ այդ օրերուն իր ենթակայութեան տակ եղած են 16 աշխատակիցներ:
Ղուկասեան յայտնեց, որ թերթին գործունէութիւնը չի կրնար յանցանք նկատուիլ: Ան աւելցուց, որ ինք 2007ին հեռացած է մեծ քաղաքականութենէն եւ այլեւս երբեք չէ վերադարձած:
Սահակեան, ըստ համաձայն նոյն աղբիւրներուն, ըսաւ, որ Արցախի մէջ յանցաւոր կազմակերպութիւն չէ եղած եւ չի ալ կրնար ըլլալ: «Յանցաւոր միաւորում» ձեւակերպումով Պաքու նկատի ունի Արցախը:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ