2025.12.29 istanbul: Patriarca Sahak II visita le chiese cattoliche in occasione della festa dei Natale

Պոլիս,. Սահակ Բ. Պատրիարքին տօնական այցելութիւնները քոյր եկեղեցիներուն

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան վերջին այցելութիւնը տուաւ Հայ Կաթոլիկ Համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանին եւ շնորհաւորեց Գերապայծառին ու անոր անձին մէջ Հայ Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Գերյ. Տ. Վարդան Գերապայծառ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ սիրալիր փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 25 Դեկտեմբեր 2025, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Ս. Ծննդեան շնորհաւորութեան այցելութիւն տուաւ քաղաքիս Քաղդէացի Կաթոլիկ եւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդարաններ ու Հայ Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսարան։

Նորին Ամենապատուութեան կ'ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական բաժանմունքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի առաջնորդ՝ Մոնս. Սապրի Անար Արքեպս.ի Ս. Ծննդեան Տօնը։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Նորին Սրբազնութենէն։ 

Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները ապա այցելեցին Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսին եւ շնորհաւորեցին Ասորի Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդը եւս փոխադարձաբար շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ եղբայրական սիրով փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրուան վերջին այցելութիւնը տուաւ Հայ Կաթոլիկ Համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանին եւ շնորհաւորեց Գերապայծառին ու անոր անձին մէջ Հայ Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան Տօնը։ Գերյ. Տ. Վարդան Գերապայծառ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ սիրալիր փոխադարձ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Հայ համայնքին։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2026, 07:25