Ափրիկէ, Նիճերիա Ափրիկէ, Նիճերիա 

Նիժերիոյ մէջ ազատ արձակուած են Սուրբ Մարիամ Կաթողիկէ դպրոցէն առեւանգուած 130 աշակերտները

Նիժերիոյ իշխանութիւնները, ռազմական գաղտնի սպասարկութիւններու գործողութեան շնորհիւ, յաջողեցան ազատ արձակել Փափիրիի Սուրբ Մարիամ կաթողիկէ դպրոցէն առեւանգուած վերջին 130 աշակերտներն ու անձնակազմը։ Այս ազատագրումը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ տիրող առեւանգումներու ծանր ալիքի եւ նախագահին կողմէ յայտարարուած ազգային արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նիժերիոյ մէջ ազատ արձակուած են 130 աշակերտները, որոնք առեւանգուած էին նոյեմբեր 21-ին զինեալներուն կողմէ՝ Նիժեր Նահանգի Փափիրի համայնքի Սուրբ Մարիամ Կաթողիկէ դպրոցէն։ Նախագահ Պոլա Ահմետ Թինուպուի մամլոյ քարտուղարը յստակեցուցած է, թէ Ապուժայի իշխանութիւնները յաջողած են անոնց ազատումը ապահովուել առեւանգողներուն ձեռքէն՝ «ռազմական գաղտնի սպասարկութիւններու» կողմէ իրականացուած գործողութեան մը շրջանակէն ներս։

Յիշեցնենք, որ մէկ ամիս առաջ, զինեալ խմբաւորում մը առեւանգած էր առնուազն 303 աշակերտ եւ 12 ուսուցիչ Նիժերիոյ կեդրոնական-հիւսիսային շրջանի Կաթողիկէ դպրոցէն. անոնցմէ 50-ը յաջողած էին փախուստ տալ յարձակումէն անմիջապէս ետք, իսկ աւելի քան 100-ը ազատ արձակուած էին այս ամսուան սկիզբը։

Անցեալ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ափրիկեան այս երկիրը նշանաւորուեցաւ առեւանգումներուն անդադար ալիքով մը, որուն ընթացքին 15 օրուան մէջ աւելքի քան 400 հոգի առեւանգուեցան։

Նոյեմբեր 17-ին հիւսիս-արեւմտեան Քեպպի նահանգի Մակա քաղաքէն 25 աշակերտներ առեւանգուեցան, իսկ նոյն ժամանակաշրջանին հարաւային Քուարա նահանգի մէջ եկեղեցի մը յարձակումի ենթարկուեցաւ, ուր 38 հաւատացեալներ առեւանգուեցան ու ապա ազատ արձակուեցան։

Ամսուան վերջաւորութեան, տեղական եւ միջազգային ճնշումներու տակ, նախագահ Պոլա Ահմետ Թինուպուն յայտարարեց ազգային արտակարգ դրութիւն՝ հրամայելով նոր ոստիկանական եւ ռազմական ուժերու անմիջական հաւաքագրում՝ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2025, 10:45