Սուրբ Ծննդեան մարգարէական ընթերցումներ եւ հանդիսաւոր Սուրբ ու Անմահ Պատարագ Լեւոնեան Ք. Վարժարանին մէջ
Չորեքշաբթի, 24 Դեկտեմբեր 2025-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Տ.Մ.Յ.Ք. հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան առիթով տեղի ունեցան մարգարէական ընթերցումներ եւ երեկոյեան ժամերգութիւն՝ նախագահութեամբ Հ.Ք.Լ.Հ. Վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հայր Խաչիկ Ծ.Վ. Գույումճեանի։ Ժամերգութեան մասնակցեցան վարժարանիս սաները եւ ներկայ հաւատացեալները։
Այնուհետեւ մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ զորս մատուցեց՝ Արժանապատիւ Տէր Յովիկ Քհն. Պօղոսեանը։ Ան իր քարոզին մէջ յաւուր պատշաճի ներկայացուց Սուրբ Ծննդեան խորիմաստ նշանակութիւնը եւ անոր կենսական ներդրումը քրիստոնեաներուս հոգեւոր կեանքին մէջ։
Յաջորդ օրը՝ Դեկտեմբեր 25-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը նախագահութեամբ Մեծաւոր Գերյարգելիին։ Ծննդեան պատգամին մէջ Գերյարգելի հայր սուրբը անդրադարձաւ այն իրողութեան վրայ, թէ Քրիստոս, ըլլալով Աշխարհի եւ Տիեզերքի Թագաւորը, ծնաւ խեղճ ու խոնարհ մսուրի մէջ՝ ամէնաաղքատ պայմաններուն մէջ, եւ որուն առաջին այցելուները եղան հասարակ խաւի մարդիկ, այլ ոչ թէ թագաւորներն ու հարուստները։
Շարունակելով՝ ան կոչ ուղղեց Քրիստոսի Ծնունդը չվերածել միայն տարեկան աւանդութեան, արտաքին զարդարանքի կամ շքեղութեան սովորութեան, այլ ապրիլ Քրիստոսի Ծնունդը ամէն օր եւ ամէն ժամ՝ տեղ տալով Անոր մեր սառած սրտերը ջերմացնելու եւ նորոգելու։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս:
Լեւոնեան Ք. Վարժարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ