2023.12.17 Festa di San Hagop Mdzpna a Kessab

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Սուրբ Յակոբի Տօնը

Սուրբ Յակոբ բազմաթիւ հրաշքներ գործած եւ շատեր քրիստոնեայ դարձուցած է: Գրած է աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ: Անոր նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին գրած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը:

Հայ եկեղեցին Յիսնակի (որ կը սկսի նոյեմբեր 18-ի մօտ կիրակին եւ յիսուն օրերու վրայ երկարող պահքի շրջան է) երրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը տօնէ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին յիշատակը:

Սուրբ Յակոբ Մծբին քաղաքէն ասորի էր: Ան Կեսարիոյ մէջ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացաւ, յետոյ Պարսկաստան փոխադրուեցաւ եւ որոշ Ժամանակ արքունիքին մէջ ապրեցաւ:

Հետագային ան ճգնաւորական կեանքի նուիրուեցաւ, քարայր մը քաշուեցաւ եւ աղօթքով, ծոմապահութեամբ ու ինքզինք մարմնական զրկանքներու ենթարկելով ու հոգին զօրացնելով փափաքեցաւ Աստուծոյ կատարելութեան հասնիլ: Այծի մորթէ հագուստով եւ բոկոտն ան կը շրջէր ժողովուրդին մէջ եւ հոգեշունչ քարոզներով հեթանոսները, անհաւատները դարձի կը բերէր:

Ժամանակ մը ետք Սուրբ Յակոբ Մծբին փոխադրուեցաւ եւ Մարուգէ ճգնաւորին միացաւ:

Սուրբ Յակոբ փափաքեցաւ Արարատ լեռ բարձրանալ եւ Նոյեան տապանը գտնել:

Նոյ Նահապետի հետքերով ճամբայ ելլելով ան հասաւ Արարատ լեռ: Երեք անգամ ան փորձեց լերան կատարը բարձրանալ, որպէսզի յայտնաբերէ Նոյեան տապանը, բայց ամէն անգամ ալ ճամբան ուժասպառ եղաւ եւ քարերու վրայ քնացաւ, իսկ երբ արթնցաւ, ինքզինք լերան ստորոտը գտաւ: Անոր ապարդիւն ջանքերը տեսնելով` Տիրոջ հրեշտակը տապանէն կտոր մը անոր գլխուն տակ դրաւ:

Նոյեան տապանի այդ մասունքը Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուած է:

Սուրբ Յակոբ բազմաթիւ հրաշքներ գործած եւ շատեր քրիստոնեայ դարձուցած է: Գրած է աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ գրութիւններ: Անոր նուիրուած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին գրած «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» շարականը:

Սուրբ Յակոբ երբ վախճանեցաւ շուրջ 350-ին, անոր մարմինը անուշահոտութիւն բուրեց եւ աճիւնին վրայ լոյս ճառագայթեց:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2025, 09:58