2024.12.26 Santo Stefano, primo martire

Հայ Եկեղեցւոյ տօներ. Տօն սրբոյն Ստեփանոսի նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսի

Սուրբ Ստեփանոսը քրիստոնեայ մկրտած էին Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները: Մկրտութեան ժամանակ ջուրին վրայ լուսապսակ երեւցած էր: Այդ զարմանահրաշ դէպքէն ետք զայն անուանած էին Ստեփանոս, որ կը նշանակէ պսակաւոր:

Հայ եկեղեցին Սուրբ Ծննդեան տօնէն առաջ կը տօնէ Աւագ տօները: Նախ` Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբօր յիշատակութեան օրը, ապա` Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի, այնուհետեւ` Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու, եւ ապա` Որոտման որդիներ Յակոբոս առաքեալի եւ Յովհաննէս Աւետարանիչի տօները:

Քրիստոսի Համբարձումէն ետք առաքեալները քարոզչութեան լծուեցան եւ Երուսաղէմի մէջ առաջին եկեղեցին հաստատեցին: Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար եօթը սարկաւագներ ընտրուեցան: Սարկաւագ կը նշանակէ սպասաւոր, ծառայող, օգնական:

Առաջին եկեղեցւոյ կողմէ ընտրուած եօթը սարկաւագներէն ամէնէն գործունեան եղաւ Ստեփանոսը:

Սուրբ Ստեփանոս Կայեափա քահանայապետին ծառան եղած էր: Երբ Քրիստոսը քահանայապետի տունը տարած էին, Ստեփանոս իր գլխուն վարշամակը Տիրոջ ոտքերուն տակ փռած էր, ցոյց տալով իր անկեղծ սէրը Փրկիչին հանդէպ: Այդ պատճառով ալ քահանայապետը զայն վռնտած էր ծառայութենէն:

Սուրբ Ստեփանոսը քրիստոնեայ մկրտած էին Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները: Մկրտութեան ժամանակ ջուրին վրայ լուսապսակ երեւցած էր: Այդ զարմանահրաշ դէպքէն ետք զայն անուանած էին Ստեփանոս, որ կը նշանակէ պսակաւոր:

Հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուած, Ստեփանոս կարիքաւորներուն եւ նեղեալներուն կ՛օգնէր, Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր եւ հրաշքներ կը գործէր ժողովուրդին մէջ:

Չարակամները, նախանձէ մղուած, ամբաստանեցին Ստեփանոսը, ըսելով որ ան կը հայհոյէ Աստուծոյ եւ Մովսէս մարգարէին, եւ սուտ վկաներ բերելով յանձնեցին հրեաներու բարձրագոյն ատեանին:

Սուրբ Ստեփանոս իր պաշտպանական ճառով ապացուցեց ներկաներուն, թէ Յիսուս խոստացեալ մեսիան է եւ յանդիմանեց հրեաները իրենց խստասրտութեան համար:

Սուրբ Ստեփանոսի պատիժը սահմանուած էր արդէն: Քաշկռտելով զայն քաղաքէն դուրս տարին եւ սկսան քարկոծել` վերջ տալու համար անոր կեանքին: Սուրբ Ստեփանոս զինք քարկոծողներուն համար թողութիւն խնդրեց` ըսելով. «Տէ՛ր, ներէ՛ անոնց այս մեղքը»: «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգին» ըսելով ան փակեց իր աչքերը:

Սուրբ Ստեփանոսը քարկոծողներէն եւ նահատակողներէն մէկը Սողոսն էր, որ յետոյ դարձի եկաւ եւ վերակոչուեցաւ Պօղոս առաքեալ:

Սուրբ Ստեփանոս եղաւ քրիստոնէական հաւատքի առաջին նահատակը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2025, 08:40