Քրեմլին. «Փութին Մաքրոնի հետ երկխօսութեան պատրաստ է»
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ երկխօսութիւն կատարելու: Եթէ փոխադարձ քաղաքական կամքը ապահովուի, Ֆրանսայի նախագահի մտադրութիւնները դրական պիտի գնահատուին»:
«Մաքրոն ըսաւ, որ պատրաստ է Փութինի հետ խօսելու: Այստեղ կարեւոր է յիշեցնել այն, ինչ որ ուղղակի հաղորդակցութեան ընթացքին ըսաւ, երբ Մաքրոնի հետ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Ուստի, եթէ քաղաքական փոխադարձ կամք ապահովուի, ապա ատիկա դրական պիտի գնահատուի»:
Մաքրոն նախապէս յայտարարած էր, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն Ռուսիոյ նախագահին հետ երկխօսութեան վերականգնումը Եւրոպայի համար օգտակար պիտի ըլլայ:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ֆրանսայի նախագահի աշխատակազմին, հաղորդեց, թէ Էլիզէի պալատը յառաջիկայ օրերուն պիտի դիտարկէ Մաքրոնի եւ Փութինի միջեւ բանակցութեան կարելիութիւնը:
«Այն, որ Քրեմլինի մէջ այս քայլին հաւանութիւն տուած են, լաւ է: Յառաջիկայ օրերուն մենք պիտի որոշենք, թէ ո՛րն է բանակցութիւններու լաւագոյն եղանակը», ըսած է Էլիզէի պալատի ներկայացուցիչը:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ