2023.08.18 Dio cammina sempre con noi

Ի՞մ, թէ մե՞ր շահը - Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

«Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի ընէք. հապա խոնարհութեամբ մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք։ Միայն ձեր անձերուն շահը մի փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ», Փիլիպեցիս 2:3-4։

Մարդ անհատին անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»ի եւ «մենք»ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը։ Եթէ մարդը կ՚ապրի իր «ես»ով, բայց այդ պէտք է որ համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին՝ իմա «մենք»ի հետ։ Այս երկու բաղադրիչները միշտ չէ որ կը համընկնին իրար հետ։ Կան հակադրուած իրողութիւններ այս երկու կենսական ինքնութիւններու միջեւ, եւ անոնք միշտ չէ որ հաշտ կրնան ընթանալ իրար հետ։ Մարդը կ՚ապրի իր «ես»ով եւ այս բնական է։ Բայց թէ ինչպէ՞ս «ես»ը պիտի տեղադրել «մենք»ի խճանկարին մէջ, կը մնայ իրագործելի առաքելութիւն։

Աստուած մեզի շնորհած է ընտանիք, առողջութիւն, ժամանակ, ընդունակութիւններ, որոնց հանդէպ պատասխանատու ենք։ Բայց երբ անձնականը՝ «ես»ը, կը դառնայ միակ չափանիշ, մեր կեանքի մտահորիզոնը կը նեղնայ եւ մեր տեսիլքն ալ կրնայ խաւարիլ։ Այս իմաստով, Պօղոս Առաքեալի նամակը՝ փիլիպեցիներուն, ուսանելի է։ Պօղոս Առաքեալ չանտեսէր «ես»ի իրականութիւնը երբ կ՚ըսէ, «միայն ձեր անձերուն շահը»։ «Միայն»ը ցոյց կրնայ տալ թէ «ես»ը կայ եւ կը գործէ։ Բայց ոչ միայն «ես»ը։

«Փնտռել» բային յունարէն արմատը «skopeo» է, որ գործածուած է Աստուածաշունչի այս համարին մէջ. «Ձեր անձերուն շահը մի փնտռէք» պիտի հասկնալ նպատակասլաց ուշադրութիւն, միտումնաւոր կեդրոնացում եւ աշխուժ գիտակցութիւն։ Այս իմաստով, «փնտռել» բային գործածութիւնը եւ անոր իմաստը պատահական բարութիւն չէ՝ այլ մտածուած դիտարկում։

«Փնտռել» բային մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ անհատին «ես»ի փնտռտուքը, բայց նոյնքան նաեւ կայ կեդրոնացումը դուրս գալու նոյն «ես»էն եւ տեսնել «մենք»ի հետ փոխ կապուածութիւնը։ Հոստեղէն պիտի տեսնել, թէ «իմ»՝ իմա «ես»ի, եւ «մեր»ի՝ իմա «մենք»ի, յաջող փոխ կապուածութիւնը կրնայ դառնալ շահեկան, որ կ՚արտադրէ ուժ եւ որ հասարակութեան մէջ կրնայ ստեղծել Արժէք։ Այս Արժէքն է, որ կեանքը պիտի շինէ։ Երբ մարդը կը սորվի իր տեսադաշտը լայնցնել եւ ուրիշին կարիքը տեսնել, ան կրնայ դառնալ վստահութեան եւ սիրոյ կամուրջ մը հաւաքականութեան եւ ազգային կեանքի մէջ, որ կը շինէ եւ չի քանդէր։ Ընտանիքը, եկեղեցին, համայնքը եւ ազգը կը զօրանան այն ատեն, երբ անոնց անդամները գիտեն իրենց մասնակցութիւնը դնել ուրիշին բարիքին եւ յառաջխաղացքին ի խնդիր։ Այլ խօսքով, երբ անհատը բան մը «գրգռութիւնով եւ սնապարծութիւնով չընէր, այլ խոնարհութեամբ»։

Երբ «իմ»ը կը փոխարինուի «մեր»ով, մրցակցութիւնը կը դառնայ համագործակցութիւն։ Փակ սիրտը կը վերածուի բաց ձեռքի, եւ անտարբերութիւնը կը փոխարինուի կարեկցանքի եւ փափկանկատ տրամադրութիւններու եւ կեցուածքներու։

Մարդ անհատը կանչուած է «բան մը ընել» իր երկրային կեանքին մէջ։ Բան մը ընելը պարգեւ մըն է եւ նոյնքան նաեւ պարտականութիւն-պատասխանատուութիւն՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ։ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը իր պատկերովը եւ տեսաւ թէ Բարի է։ Մարդը, որ Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած է, ինքն ալ կը դառնայ ստեղծագործ՝ ստեղծելու համար Նորը։ Այս իրականութենէն մեկնելով է, որ մարդը Աստուծոյ կողմէ կանչուած է «բան մը ընել»ու իր կեանքին մէջ, բայց ոչ գրգռութիւնով եւ սնապարծութեամբ՝ այլ խոնարհութեամբ։ Այլ խօսքով, տիրական «ես»ը փոխադրել «մենք»ի մէջ, ուր բան մը ընելը կը ստեղծէ յառաջխաղացք։

Երբ «իմ»ը կը կամրջուի «մենք»ի իրականութեան հետ, այդ «բժշկութիւն» եւ «փրկութիւն» կը ստեղծէ։ Այս իրականացաւ Քրիստոսով, որ աշխարհ եկաւ, որպէսզի «իր»ը՝ իմա «ես»ը, զոհէ յօգուտ «մենք»ի։ Քրիստոսի այս գործընթացը մարդկային կեանքի մէջ ստեղծեց Նոր Կեանքը եւ որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. «Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք», Եսայի 53.5։

Քրիստոս աշխարհ եկաւ «բան մը ընելու» յստակ առաքելութեամբ։ Քրիստոս իր «ես»ը վիրաւորեց ու տակաւին ծեծուեցաւ, խաչուեցաւ ու մահացաւ, որպէսզի խաղաղութիւն բերէ։ Այս խաղաղութիւնը, որ իրականացաւ իր յարութեամբ, իրեն համար չէր, այլ մեր բոլորին։ Ան իր «ես»ը դրաւ «մենք»ի իրականութեան մէջ, որպէսզի բոլորս փրկուինք եւ բժշկուինք։ Եթէ մարդ արարածը բժշկուեցաւ, այդ միայն իրեն համար չէ, այլ հաւաքականութեան՝ մեր եւ մենքի համար, որպէսզի բոլորը փրկուին։ Վերջապէս «մարդ իր անձին օգուտը պէտք չէ փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10.24)։ Քրիստոնէական Աստուածաբանութեան շնորհած փրկութիւն-բժշկութիւնը կայացաւ քանի Քրիստոս իր «ես»ը դրաւ «մենք»ի հաւաքական շահին համար, եւ ուր ստեղծուեցաւ Նոր Կեանքը։ Նոր Կեանքը որ եկաւ Իր «ես»ին մէջէն բայց դրուեցաւ «մենք»ի իրականութեան համար։

Մեր համահայկական կեանքը այսօր կը կենայ իմ-եսի եւ մեր-մենքի մեծ առճակատումի մէջ։ Հայուն կեանքին մէջ այսօր ես-իմը եւ մեր-մենքը կը կենան հակադիր կողմերու վրայ։ Եթէ մեր համահայկական հարցերուն մէջ կան քաղաքական դժուար պայմանները, աշխարհաքաղաքական կնճռոտ տուեալներ, որոնք իրենց ժխտական անդրադարձը կ՚ունենան մեր ազգային ու հայրենի կեանքերու վրայ, բայց ներ-հայկական իմաստով հայը ունի նոյնքան ՀՈԳԵՒՈՐ տագնապ։ Հոգեւորը՝ իր քրիստոնէական աստուածաբանութենէն մեկնելով, ուր հայուն «ես»ը չի համընկնիր «մենք»ի իրականութեան հետ։ Այսօրուան հայուն տագնապը. հայը կ՚ապրի բեւեռացուած վիճակներու մէջ՝ ինք իր մէջ, հեռու հաւաքական ու ազգային կեանքի մէջ փրկութեան-բժշկութեան հասնելու տեսլականէն։ Հայը պիտի տեսնէ, թէ ինք կանչուած է «բան մը ընել»ու։ Այդ բան մը ընելը միայն իր անձին համար չէ, այլ մերի ու հաւաքականութեան համար, որպէսզի ապահովէ ազգային կեանքի համար փրկութիւնը եւ բժշկութիւնը։ Հայը պէտք ունի այսօր «փրկութիւնը ու բժշկութիւն»ը, որպէսզի դուրս գայ իր ազգային հազար ու մէկ հարցերէն։

Եթէ հայը այսօր կը ցաւի, ունի վիշտեր եւ կ՚ապրի անարդարութիւններ ու տակաւին կը տքնի խաղաղութեան, այս պիտի նշանակէ թէ «ես-իմ» շահը պիտի տեղափոխէ «մենք-մեր»ի հաւաքական շահի գիտակցութեան մէջ։ Եւ «իմ-մեր»ի բաժնեկցութեան մէջ է որ հայը պիտի գտնէ փրկութիւն-բժշկութիւն։ Եւ խաղաղութիւն։

Ի՞մ, թէ մե՞ր շահը։

Անպայմանօրէն ՄԵՐ շահը։ Մեր շահուն մէջ է հայուն փրկութիւնը։ Եւ այս փրկութիւնը պիտի բերէ սպասուած խաղաղութիւնը։

Եթէ պիտի շնորհաւորենք մեր բոլորին Նոր Տարին՝պիտի մաղթենք որ հաւաքական՝իմա մեր շահը՝ ըլլայ համահայկական իրականութեանը համար ապրող իրականութիւնը։

Դեկտեմբեր, 2025

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2026, 09:00