2025.12.17 Serata dedicata ai 150 anni di nascita di Avedik Isahakian

Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ՝ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

Մայրավանքի «Սրապեան» սրահին մէջ ցուցադրուած էին գրադարանի մէջ պահուող Իսահակեանի մակագրութեամբ, եւ բանաստեղծի թոռան մակագրութեամբ գիրքեր եւ բացիկներ։

Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը՝ համագործակցութեամբ Աւետիք Իսահակեանի Տուն-թանգարանին եւ Մխիթարեան միաբանութեան։

Յիշատակի ձեռնարկը սկիզբ առաւ վանահօր`Համազասպ վրդ. Քէշիշեանի բացման խօսքով, որմէ ետք շահեկան զեկոյցներով հանդէս եկան Տուն-թանգարանի աշխատակիցներէն գլխաւոր Ֆոնդապահ Ցօղիկ Նազարեան «Իսահակեանը եւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը», եւ Աննա Սարոյեանը «Վենետիկի հայ Փրոֆեսորը» նիւթերով։

Իր բացման խօսքին մէջ, Համազասպ վրդ. Քէշիշեան անդրադարձաւ մեծանուն բանաստեղծին կենսագրութեան եւ կերպարին՝ ըսելով. «Իսահակեան կ՛ուզէ անապատ քաշուիլ, մենութեսն մէջ, սակայն Իսահակեանի անապատը Հայաստանի դրախտն է. իր գաւառներով, նոյնիսկ երկրի խուլ անկիւնները, ուր ժողովուրդի երգը կը լսէ, եւ անոր ապրումներուն ու աւանդութիւններուն, ժառանգութեան մէջ կը գտնէ իր սփոփանքը, մխիթարութիւնը, սէրը եւ կեանքը»։

Նշելով, որ Իսահակեան 1921-1926 տարիներուն ապրած է Վենետիկ՝ Համազասպ վրդ. Քէշիշեան ըսաւ. «Բանաստեղծը բազմիցս եղած է Վենետիկ, եւ այնտեղ ապրած 1921-1926 տարիներուն, յաճախ այցելած է Ս. Ղազար Մխիթարեան Մայրավանքը եւ սերտ բարեկամութիւն մշակած Մխիթարեան հայրերուն հետ»։

Վանահայրը Իսահակեանի 1901ին Մայրավանքը առաջին այցելութեան մասին պատմեց հետեւեալ դրուագը: «Ս. Ղազար իր առաջին այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, ժպիտով ու գոհունակութեամբ կը մօտենայ Մխիթարեան միաբանի մը եւ կ՛իմացնէ. թէ Վիեննայի վանքի վարդապետէ մը ստացեր է գնահատական նամակ մը, որուն մէջ կը դրուատէ իր բանաստեղծութիւնը՝ աւելցնելով, որ վանքի պուրակի մէջ միասին ճեմած ատեն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ թէ տեղական մամուլը չէ ըմբռնած իր քնարին յարգը»։

Ապա իր խօսքը փոխանցեց Ցօղիկ Նազարեանին, որ մէջբերեց բանաստեղծին առաջին այցելութեան մասին՝ ըսելով, «Ապրիլ ամսի սկզբներին, 1901 թուին, Վիեննայից մեկնում եմ Վենետիկ… Ուզում եմ ժամ առաջ տեսնել Սուրբ Ղազար կղզին՝ Մխիթարեանների վանքը. պատանի հասակիցս երազել եմ տեսնել Վենետիկը, բայց մանաւանդ Ս. Ղազարը: Նետում եմ ինձ առաջին պատահած գոնդոլի վրայ… անհամբեր եմ, շտապեցնում եմ գոնդոլավարին…»։ Մեծ յոյզերու պահ է բանաստեղծին համար՝ «Սրտատրոփ ոտք եմ դնում այս պատմական, թանկարժէք հողի վրայ»։

Իր կարգին, Աննա Սարոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Իսահակեանի եւ Եղիշէ Չարենցի հանդիպումին՝ 1925ին, Վենետիկի մէջ, ուր գրեթէ ամբողջ ամիս մը միասին եղան։

«Ամէն օր շրջել են այդ կախարդական, անկրկնելի հրապուրիչ քաղաքում… Քաղաքի հնաբնակ Աւետիք Իսահակեանը, որին վենետիկցիները յարգանքով «Վենետիկի հայ պրոֆեսոր» են կոչել եւ որը հինգ մատի պէս գիտէր այդ փոքր, բայց եւ դարերի ընթացքում բազմածաւալ դարձած քաղաքը, Չարենցի ուղեկիցն է եղել իր տասնհինգամեայ որդու՝ Վիգէնի հետ», պատմեց Սարոյեան։

 Ներկաները նաեւ դիտեցին Տուն-թանգարանին պատրաստած «Վարպետը» ֆիլմը, որ կը պատմէ Իսահակեանի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին մասին։

Նշենք, որ Մայրավանքի «Սրապեան» սրահին մէջ ցուցադրուած էին գրադարանի մէջ պահուող Իսահակեանի մակագրութեամբ, եւ բանաստեղծի թոռան մակագրութեամբ գիրքեր եւ բացիկներ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2025, 08:30