Որոնել

ԾՆնդեան տօնին նուիրուած համերգ Զմմառու մէջ ԾՆնդեան տօնին նուիրուած համերգ Զմմառու մէջ  (© joseph berberian)

Հոգեպարար երեկոյ Զմմառու մէջ. Լայալ Նամէի մենահամերգը՝ նուիրուած Ս. Ծնունդին

19 Դեկտեմբեր 2025-ին, Զմմառու Մայրավանքի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան նուիրուած «Յոյսի Ղօղանջներ» մենահամերգը՝ կատարողութեամբ լիբանանցի հանրայայտ մեներգչուհի Լայալ Նամէի: Միջոցառման ընթացքին հնչեցին բազմալեզու տօնական երգեր եւ հայկական հոգեւոր շարականներ՝ վերածուելով խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամի։

Նախաձեռնութեամբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Զմմառու Մայրավանքի վարչական խորհուրդին, վանական համալիրի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ, 19 Դեկտեմբեր 2025-ի, երեկոյեան ժամը 8-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած Յոյսի Ղօղանջներ խորագիրը կրող մենահամերգը, կատարողութեամբ` Լիբանանցի հանրայայտ մեներգչուհի` Լայալ Նամէի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի տեսուչ՝ Կարապետ վրդ. Գլընճեանը։ Ան Ս. Ծննդեան բարեմաղթանքներ ուղղեց եւ բարի գալուստի խօսքով հրաւիրեց օրուան մեներգչուհին։

Համոյթի ընթացքին հանդիսատեսը հնարաւորութիւնը ունեցաւ վայելելու Ս. Ծննդեան աւանդական հմայքը, ուր այլազան լեզուներով հնչեցին օրուան նուիրուած
երգերէն համարներ, ուղեկցութեամբ կենդանի նուագախումբի։
Յայտագիրը համալրուած էր նաեւ խանդավառ` միեւնոյն ատեն յուզիչ հայկական աւանդական հոգեւոր երգերով եւս, որոնք կ՚ընդգրկէին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնն ու հոգեւոր արժէքները։ Ընթացքին, հոգեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկան շրջանին մէջ գտնուող «խօսքի Աշակերտներ» հոգեւոր խմբակի անդամները:

Միջոցառման աւարտին, հանդիսատեսը երկարատեւ ծափողջոյններով գնահատեց Լայալ Նամէն` մեծապէս արժեւորելով անոր անզուգական ձայնը։
Մայրավանքի մեծաւոր` Գերպծ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան իր սրտի խօսքը
փոխանցեց, ըսելով`«Անհնար է չփշաքաղուիլ նման անուշ եւ քնքուշ ձայնի հնչեղութեան եւ առաւել
բարձրորակ կատարողութեան ունկնդրութեամբը։
Մայրավանքէն ներս նմանօրինակ մենահամերգի մը յաջող աւարտը` մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ Լիբանանահայութեան եւ թէ՛ Լիբանանցի հանդիսատեսին համար։

Ան մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան աւետիսի զանգերը հնչեն եւ աւետեն Մանուկ Յիսուսի Ծնունդը։ Եզրափակելով՝ ան անդրադարձաւ օրուան պայմաններուն եւ խաղաղութեան եւ եղբայրսիրութեան կոչեր բարձրացուց»։ Մեծաւոր հայրը Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի պատկեր յուշանուէրով պարգեւատրեց երգչուհիին։
Յիշատակի պատկերով եզրափակուեցաւ օրուան հոգեւոր հանդիսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2025, 11:24