Որոնել

2023.05.01 Messa Patriarca Maronita Card.Bechara Rai - Domenica 30 aprile 2023 - Bkerke - Libano

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան միայն ճառի պէտք չունի, Այլ գործի վերածուող արդար խօսքի եւ որոշումի վերածուող հաշտութեան խօսքի»

«Հայրենիքի փրկութիւնը կրնայ անկեղծ խօսքով մը սկսիլ, եւ միաւորող հայրենիք մը կրնայ բոլորը միախմբող, ոչ ոք լուսանցքայնացնող, այլ բոլորին արժանապատուութիւնը պաշտպանող խօսքով մը կառուցուիլ», նշեց պատրիարքը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ քարոզի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան այսօր կարիքը ունի մարմնաւորուող խօսքի. խօսքի մը, որ գործի կը վերածուի, հաշտութեան խօսքի մը, որ որոշումի կը վերածուի, եւ խօսքի ու խոստումի մը, որ յանձնառութեան կը վերածուի:

«Մեր հայրենիքը միայն ճառերու կարիքը չունի, այլ համակեցութեան խօսքերու, որոնք կը վերածուին արդար քաղաքականութիւններու եւ ազգային անկեղծ որոշումներու»:

«Հայրենիքի փրկութիւնը կրնայ անկեղծ խօսքով մը սկսիլ, եւ միաւորող հայրենիք մը կրնայ բոլորը միախմբող, ոչ ոք լուսանցքայնացնող, այլ բոլորին արժանապատուութիւնը պաշտպանող խօսքով մը կառուցուիլ», նշեց պատրիարքը:

«Այսօր մեր աղօթքը կը բարձրացնենք, որպէսզի Աստուած իր խօսքը ցանէ մեր սրտերուն մէջ, մեզի դարձնէ իր խօսքին վկաները եւ ոչ միայն զայն լսողները: Կ՛աղօթենք մեր հայրենիքին` Լիբանանի համար, որպէսզի անոր խօսքը առողջանայ, եւ վերականգնուի անոր իրաւունքի, արդարութեան եւ խաղաղութեան խօսքը», աւելցուց մարոնիներու պատրիարքը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2026, 08:00