Թրամփ պատժամիջոցներու ենթակայ Վենեզուելական քարիւղատար նաւերու պաշարում յայտարարեց
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Քարաքասի դէմ իր ճնշումի արշաւին մէջ մագլցողական նոր քայլով մը Վենեզուելայէն նաւարկող կամ այդտեղ ուղղուող պատժամիջոցներու ենթակայ քարիւղատար նաւերու պաշարում յայտարարեց։
Թրամփ նշեց. «Քարայիպեան շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան հսկայ նաւատորմիղը հետզհետէ պիտի մեծնայ, մինչեւ որ Վենեզուելան Միացեալ Նահանգներուն վերադարձնէ բոլոր քարիւղները, հողերն ու հաշիւները, որոնք նախապէս մեզմէ գողցաւ»։
«Մատուրոյի անօրինական վարչակարգը գողցուած այս քարիւղի դաշտերու քարիւղը կþօգտագործէ ինքզինք, թմրեցուցիչներու ահաբեկչութիւնը, մարդոց առեւտուրը, սպանութիւնը եւ առեւանգումը ֆինանսաւորելու համար», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը զգուշացուց. «Այն ցնցումը, որ Վենեզուելան պիտի ստանայ, աննախադէպ պիտի ըլլայ, մինչեւ որ մեզի վերադարձնէ քարիւղը, հողերը եւ հաշիւները, որոնք մեզմէ գողցաւ»։
Վենեզուելական կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութիւնը որակեց «անտրամաբանական եւ տգեղ սպառնալիք»։
«Թրամփ կը փորձէ անտրամաբանական կերպով Վենեզուելայի դէմ ծովային ենթադրեալ պաշարում հաստատել՝ մեր հայրենիքին սեփականութիւնը եղող հարստութիւնները գողնալու նպատակով», նշեց Վենեզուելայի կառավարութիւնը։
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ