2024.12.30-MONS.-KRIKOR-CHIFTJIAN.jpg

Տարեվերջի պատգամ տգէտներուն՝ Գէթ փակէ՛ բերանդ

Ազգային ինքնաճանաչողութեան անծանօթ, աւելին՝ հրապարակախօսութեան միջոցաւ, կամ հանրային զրուցատրութեամբ ելոյթ ունեցող խեղճութիւններու ինքնահաճ արտայայտութիւնները, անոնց կարծեցեալ գրագիտութեամբ ազգային կեանքին աղբամանը կը լեցնեն, դատարկապորտութենէն բուսած խրատներով:

Տգիտութիւնը պէ՛տք է զանազանել անգրագիտութենէն, սակայն, մասնագէտներ անհրաժեշտ են, յատկապէս հեղինակութիւն ունեցող անձեր, որոնք պատահաբար ազգային դիրքեր զբաղեցուցած տգէտներուն արթնութեան հրաւիրելու համարձակութիւն ունենան…:

Տարեվերջի այս օրերուն, երբ հաշուեյարդարի մօտեցումով մարդկութիւնը կը նայի անցեալ տարուան՝ մեր ազգի պարագային իւրաքանչիւր գիտակից, ազգասէր, եկեղեցասէր, նոյնիսկ բարերար հայ, չափազանց զարմանքով եւ ափսոսանքով կը նայի հայրենիքի ու ազգի ղեկավարութեան հասած անհատներուն, որոնք տգիտու-թեամբ եւ անհասկացողութեամբ առաջնորդելու ցուպը ձեռք առած՝ յառաջդիմութեան ուղղութիւն գտնելու փափաքի փոխարէն, կոյր զկուրայն կը հարուածեն աջ ու ձախ, վեր թէ վար:

Հայկական իրականութեան մէջ եկեղեցի, պետութիւն եւ հայրենիք համաձեւման ձեռնարկողներու անհեռանկար քաղաքականութիւնը, այր եւ կին զանազանելու, կամ ծնողքի ու զաւակներու միջեւ եղած սահմանները գտնելու անկարողութեան մատնուած դժբախտներ են: Տակաւին անոնց ծանօթ չէ, նոյնիսկ գրաբար լեզուն, որուն աստուածաշնչական թարգմանութիւնը օտար հայագէտներու հիասքանչ անուանումով կոչուած է «Թագուհի թարգմանութեանց…»

Ազգային ինքնաճանաչողութեան անծանօթ, աւելին՝ հրապարակախօսութեան միջոցաւ, կամ հանրային զրուցատրութեամբ ելոյթ ունեցող խեղճութիւններու ինքնահաճ արտայայտութիւնները, անոնց կարծեցեալ գրագիտութեամբ ազգային կեանքին աղբամանը կը լեցնեն, դատարկապորտութենէն բուսած խրատներով:

Եկեղեցւոյ ո՛չ պատմութեան, ո՛չ աստուածաշնչական ուսման, ո՛չ կրօնական դաստիարակութեան, ոչ քրիստոնէական կրթութեան, եւ ո՛չ ալ ծնողական շունչով փոխանցուած հաւատքի հետ առնչութիւն ունեցող մարդիկ, առաքելահաստատ եկեղեցին դարձեալ կառուցելու, եւ լուսաւորչահիմն սուրբ Աթոռին սրբագրողական ուղղութիւններ հրամայելու անմտութեամբ զբաղած են…։ Հիմնադիրները եւ լուսաւորչահաստատ կանոնները ասո՞նք փոփոխութեան պիտի ենթարկեն իրենց ստոր՝ արկածախնդրական մօտեցումներով…։ Քայլ առ քայլ կը յստականայ նպատակակէտը, որ ազգակործան քաղաքականութեան փուլն է, ի հետեւումն հողային առեւտուրի դաժան ողբերգութեան: Մելիքներու դարաւոր իշխանութիւնը սրբապղծուեցաւ, թաց տաբատով շրջագայող «գիտունիկ»ներու սնապարծ յանդգնութեամբ:

Անորոշութեան մատնուած ժողովուրդը, անտիրութեան դատապարտուած ըլլալու զգացումով կը տուայտի: Անցեալ եօթը տարիներուն ընթացքին խաբուած ըլլալու դառն իրողութեան դէմ յանդիման կանգնած՝ անոնք կը զգան դժբախտութեան վերջակէտին հասած ըլլալու պահը, երբ նոյնիսկ եղերամայրներու ողբերգով ալ մխիթարուելու առիթը չի տրուիր: Փողոցներուն մէջ, տարեց կիներ եւ ձեռնափայտով քալող տղամարդիկ իրենց անորոշութեան ողբը կ՛երգեն, իբրեւ թէ երկիրը «փրկած» սնափառ անձերէն աննկատ ու լքուած ըլլալու դառն զգացումներով:

Եկեղեցւոյ դրան ո՞ր կողմը ըլլալուն անծանօթ «հաւատացեալ» բախտախնդիրներ, հրապարակային ելոյթներով եւ անձնական որոշումներով, Ս. պատարագի նախապատրաստութեան պահուն, Խաչատուր Տարօնացիի «Խորհուրդ Խորին« շարականին բառերը պետութեան համա՛ր հեղինակուած տողեր ըլլալ կը յայտարարեն, «վերին պետութիւն» բառերը երկրաւոր այժմեան կառավարութեան համար ըսուած ներկայացնելով: Դեռ, երկրի քայլերգը հնչեցնելու, եւ Եռագոյն դրօշը եկեղեցւոյ մէջ ծածանեցնելու կանոն հրապարակող տգէտներուն, իբրեւ պատգամ կ՛ըսենք. «Տարեվերջին, եւ Նոր տարուան օրերուն, գէթ փակեցէ՛ք ձեր բերանը, ազգի տարին չմրոտելու համար»:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2026, 07:47