Որոնել

2021.12.15 Bambini che leggono la Bibbia, Catechismo

Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին կարդանք եւ պատմենք

Աստուածաշունչը երբ հայերէնի թարգմանուած է, գրուած է գրաբար հայերէնով: Այնքան ճոխ ու հարուստ եղած է գրաբարի թարգմանութիւնը, որ զայն «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչած են: Գեղեցկութեան, ճոխութեան, հարստութեան հետ մէկտեղ մեր եկեղեցւոյ հայրերը կարեւոր համարած են նաեւ Աստուածաշունչը ժողովուրդին հասցնելու գաղափարը: Այդ պատճառով ալ երբեմն գեղարուեստական եղանակով, երբեմն մեկնութեանց ճամբով Աստուածաշունչը մօտեցուցած են ժողովուրդին:

Աստուածաշունչը աշխարհի մէջ ամէնէն շատ տարածուած, տպագրուած ու թարգմանուած գիրքն է անկասկած: Ի՞նչը կրնայ ըլլալ այս իրողութեան պատճառը. պատմութիւններուն հետաքրքրութի՞ւնը, գեղարուեստական արժէ՞քը, բարոյական դասե՞րը: Գիրք մը, որուն վերջին բաժինը գրուած է շուրջ երկու հազար տարի առաջ, սակայն մշտապէս կը մնայ արդիական:

Գիրքի մը յաջողութիւնը ինչի՞ հետ կապուած է: Աշխարհի մէջ տարեկան տասնեակ, նոյնիսկ հարիւր հազարաւոր գիրքեր կը տպուին: Որեւէ գիրք, նոյնիսկ ժամանակուան մը համար սիրուած ու տարածուած գիրք մը, կրնայ շուտով դառնալ ժամանակավրէպ, անոր ներկայացուցած նիւթերը կրնան ոչ հետաքրքրական դառնալ: Դասախօս մը ունէի, կ'ըսէր թէ՝ մեր ամենայայտնի գրողները մինչեւ 20-30 տարի պիտի դառնան ժամանակավրէպ:

Համեմատաբար երկար կը պահպանուի այն գիրքը, որ կրնայ ապագան գուշակել տրամաբանութեամբ եւ զգացումով, այն գիրքերը, որոնց ներկայացուցած նիւթերը անձնական յոյզերէն կը վերածուին համամարդկային ապրումներու: Իսկ ժողովուրդը կը սիրէ այն գիրքը, որ անմիջականօրէն կապուած է իր կեանքին:

Ինչքան ալ լաւ շարադրած ըլլաս միտքդ՝ գեղեցիկ բառերով ու հարուստ նկարագրութիւններով, եթէ անիկա կապուած չէ կեանքին, չի տարածուիր ու չ'ընդունուիր մեծ լսարանին կողմէ:

Մենք՝ ուսուցիչներս, կը ջանանք մշտապէս աշակերտին մատուցուող նիւթը կապել անոր կեանքին: Նոյնիսկ երբ կը քննենք մեր ժամանակներէն բաւական առաջ ապրած գրողի մը մէկ գիրքը, անպայմանօրէն կը ջանանք գտնել կապ մը, որ ներկայացուող նիւթը կը հասցնէ մեր ժամանակներուն:

Այս իմաստով մեծ է արժէքը Աստուածաշունչին: Աստուածաշունչը գեղեցիկ պատմութիւններ չի պատմեր միայն, այլ կը սորվեցնէ ճիշդ ապրիլ նաեւ. երբեմն պատմութիւններով, երբեմն առակներով, երբեմն փառաբանութիւններով, աղօթքներով, նամակներով ու խրատներով Աստուածաշունչը կը դառնայ ճիշդ կենսակերպի աղբիւր:

Աստուածաշունչի մասին եղող կարծիքներն ու մեկնաբանութիւններ երբեմն կը ջանան մոլորեցնել մեզ: Աստուածաշունչը պիտի չկարդանք սոսկ տեղեկութիւն քաղելու, այլ ամէն տողի մէջ նոր դաս մը առնելու, կեանքի այս կամ այն երեւոյթ ճիշդ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար: Ասոր պիտի օգնեն, բնականաբար, ճիշդ մեկնութիւնները, բացատրութիւնները, որոնցմով մարդը պէտք է սնանի մանուկ հասակէն: Փոքրիկները, մանաւանդ կրօնական հարցերու շուրջ, կը սիրեն ամենատարբեր հարցումներով խճողել մեր միտքը: Անոնցմէ ոմանք կ'ունենան յստակ պատասխաններ, իսկ ոմանք կ'ենթադրեն լուրջ մտածում եւ յստակ մեկնութիւն: Յաճախ կը փորձենք պատասխաններ գտնել, սակայն աւելի յաճախ կը խուսաբինք անոնցմէ, զանոնք՝ փոքրիկները, յուսախաբ ընելով: Քիչ մը առաջ անցնելով ըսեմ, որ նոր հրատարակուած այս գիրքը՝ «Մանուկներու Աստուածաշունչը. միասին կարդանք եւ պատմենք», պիտի օգնէ լաւապէս պատասխանելու այդ հարցումներուն, եւ ոչ թէ միայն «անձրեւին տակէն չոր դուրս գալու»: Պէտք է յիշել, որ մեր պատասխաններէն կախեալ է կեանքին նոր բացուող փոքրիկին վերաբերմունքը՝ կենսական հարցերուն նկատմամբ: Ծնողքին, ուսուցիչին, դաստիարակին մէկ սխալ բառը կրնայ էականօրէն պղտորել փոքրիկին պատկերացումը կեանքի տարբեր արժէքներուն նկատմամբ:

Սուրբ գրոց ընկերութեան հրատարակութիւնները միշտ ալ եկած են գունագեղ դարձնելու Աստուածաշունչի պատմութիւններն ու բարոյագիտական դասերը:

Աստուածաշունչը երբ հայերէնի թարգմանուած է, գրուած է գրաբար հայերէնով: Այնքան ճոխ ու հարուստ եղած է գրաբարի թարգմանութիւնը, որ զայն «Թագուհի Թարգմանութեանց» կոչած են: Գեղեցկութեան, ճոխութեան, հարստութեան հետ մէկտեղ մեր եկեղեցւոյ հայրերը կարեւոր համարած են նաեւ Աստուածաշունչը ժողովուրդին հասցնելու գաղափարը: Այդ պատճառով ալ երբեմն գեղարուեստական եղանակով, երբեմն մեկնութեանց ճամբով Աստուածաշունչը մօտեցուցած են ժողովուրդին:

Սուրբ գրոց ընկերութիւնը, իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալով, անգամ մը եւս լոյսին կը բերէ գեղեցիկ հրատարակութիւն մը, ուր Աստուածաշունչէն քաղուած դէպքեր կը ներկայացուին այսօրուա'ն մանուկին: Սա ձեւով մը նախկին հրատարակութեան շարունակութիւնն է՝ ճոխացած նոր մտածումներով: Նախորդ գիրքին մէջ աստուածաշնչեան դէպքերը կեանքին կը կապուէին ամփոփ կերպով, իսկ հոս՝ գործնական վարժութիւններով :

Աստուածաշունչի ընկերութիւնը միշտ ալ նպատակային ուղղութիւն մը որդեգրած է դէպի մանուկները:

Գիրքը արեւմտահայերէնի թարգմանած է Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, խմբագրած՝ Տիկ. Նորա Բարսեղեան: Թարգմանիչն ու խմբագիրը բծախնդրօրէն աշխատած են, որ գիրքը ըլլայ սահուն ընթեռնելի: Նմանօրինակ գիրք մը, անկասկած, այսօրուան մարտահրաւէրներուն դէմ մեծ ու շնորհակալ աշխատանք մըն է, ցոյց տալու, որ արեւմտահայերէնը դեռ չի բարձրացներ իր «Ճերմակ դրօշակը»:

Ինչպէս վերը նշեցինք՝ սոյն գիրքին հիմնական նպատակը գործնական վարժութիւններով Աստուածաշունչը փոքրիկի կեանքին կապելն է: Այս գիրքը ցոյց կու տայ, որ այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ, ուր կան ընկերային ու բարոյական մեծ խնդիրներ ու տագնապներ, ինչպէս կրնայ Աստուածաշունչը օգնել յաղթահարելու զանոնք:

Այս գիրքին մէջ մեր մանուկները, ինչու չէ շատ աւելի մեծ մարդիկ, պիտի գտնեն իրենց մտահոգող շատ հարցումներու պատասխաններ: Այս գիրքը պիտի սորվեցնէ մեր մանուկներուն սիրել իրենց միջավայրը, իրենց բարեկամն ու չզգալ մինակ:

«Մանուկներու Աստուածաշունչը

Միասին կարդանք եւ պատմենք

Աստուածաշունչը ընկալենք պատմութիւններու եւ վարժութիւններու ճամբով:

Գիրքին ճակատին այս տողերը կը կարդանք: Սա կը նշանակէ, որ ներկայացուող գիրքը ոչ միայն պիտի օգնէ հասկնալ Աստուածաշունչը կեանքէն առնուած օրինակներով, այլ հասկցածը վերապատմել: 144 էջերու մէջ ամփոփուած 24 պատմութիւններ, որոնք պիտի օգնեն կեանքը ընկալել Աստուածաշունչի կողմէ տրուող կեանքի դասերով:

Ծնողներ մշտապէս իրենց զաւակներու ուշադրութեան առարկաներն են: Մեր զաւակները մեզի կը նային, սիրելի ծնողներ: Անոնք մեզմէ կ'առնեն, մեզի ալ թող տան: Երբեմն պէտք է մանկանալ կեանքին նոր բացուող մեր մանուկներուն հետ, որոնք մանաւանդ ընկերային հարցերու շուրջ միշտ ալ պատասխաններ պիտի սպասեն մեզմէ: Աստուածաշունչը թող ըլլայ միշտ ներկայ՝ որպէս կեանքի ուղեցոյց, իսկ զայն կարդալը՝ կենսակերպ:

Ճորճ Արապաթլեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2025, 09:54