Որոնել

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Ն.Գ. Ռուբէն Խարազեանի առաջին այցելութիւնը Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի

Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ ու պատշաճ դիմաւորումը արդէն իսկ ստեղծած էր յարգանքի, եղբայրութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ։ Այնուհետեւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցի՝ մոմ վառելու եւ բարձրաձայն աղօթք ուղղելու աշխարհի խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար։

Չորեքշաբթի՝ 19 Նոյեմբեր 2025 թուականին, առաւօտեան ժամը 9։30-ին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մօտ, Հայաստանի Հ․ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ռուբէն Խարազեանը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնն կատարեց Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ համայնքին՝ ընկերակցութեամբ ՀՀ․ Հալէպի Հիւպատոսութեան Խորհրդական Տիար Դաւիթ Թադէոսեանի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ ու պատշաճ դիմաւորումը արդէն իսկ ստեղծած էր յարգանքի, եղբայրութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ։

Այնուհետեւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցի՝ մոմ վառելու եւ բարձրաձայն աղօթք ուղղելու աշխարհի խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերյ․ Հայր Գառնիկ Ծ․Վրդ․ Յովսէփեանը ձեւաւորեց այցելութեան հոգեւոր շունչը՝ ներկայացնելով եկեղեցւոյ եւ վանքի պատմական անցեալը ու ապագան, անոնց դերը Քեսապահայութեան կեանքին մէջ։

Միասնաբար աղօթեցին «Հայր Մերը»ը , որու աւարտին Գերյ․ Հայր Սուրբը իր օրհնութիւնը յղեց բոլոր ներկաներուն։

Այցի երկրորդ բաժինը շարունակուեցաւ կարդինալ Աղաճանեանի սրահին մէջ, ուր սուրճի սեղանի շուրջ կայացած անմիջական ու ջերմ զրոյցներու ժամանակ Տիար Ռուբէն Խարազեանը իր սրտի խօսքը ուղղեց համայնքին՝ շեշտելով Քեսապի առանձնայատուկ նշանակութիւնը հայ մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան մէջ։

Ան գնահատեց համայնքի դիմացկանութիւնը, միասնական ոգին եւ հայկական ինքնութեան պահպանման բծախնդիր ջանքերը՝ խոստանալով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պիտի շարունակէ կանգնել իրենց կողքին։

Հանդիպումի ներկայ էին նաեւ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ օժանդակ յանձնախումբը, երգչախումբի դպրաց դասը եւ տիկնանց միութիւնը։

Այցելութիւնը աւարտուեցաւ փոխանակելով միմեանց բարի մաղթանքներ եւ նորանոր նուաճումներ։

Հոկտեմբեր 31-ին 2024թ․, ՀՀ․ նախագահի հրամանագրով Տիար Ռուբէն Խարազեանը կը նշանակուի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մօտ, Հայաստանի Հ․ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։

Իսկ, Հոկտեմբեր 13-ին 2025թ․, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ռուբէն Խարազեան իր հաւատարմագիրներուն պատճէնը կը յանձնէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիին:

Քեսապ՝ 19 Նոյեմբեր 2025թ․

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 16:48