Նիճերիա. Նոր յարձակումներ եկեղեցիներու եւ համայնքներու վրայ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նոր կոտորած մը տեղի ունեցաւ Նիճերիոյ մէջ։ Զինեալ խումբ մը ներխուժեց Փենթեքոսթէ եկեղեցի մը, որ կը գտնուի Եքիթի նահանգի Երուքու քաղաքին մէջ։ Հաշուեկշիռը ողբերգական է. Երկու հոգի մեռան եւ բազմաթիւ վիրաւորներ կան։
Նախնական տեղեկութիւններով, հոգեւոր հովիւը առեւանգուած է շուրջ երեսուն հաւատացեալներու հետ կրօնական արարողութեան մը ընթացքին եւ ծեծուելէ ետք, թաքցուած է անտառներուն մէջ։
Կիրակի-Երկուշաբթի գիշերը առնուազն քսան աղջիկներ զօրով բռնագրաւուած են հիւսիս-արեւմտեան Քեպպի նահանգի Քըմփրիհէնսիվ կառավարական Աղջիկներու դպրոցէն։ Դպրոցի փոխ-տնօրէնը, որ փորձեց զիրենք պաշտպանել ի զուր, դաժանօրէն սպաննուած է։ Ինչպէս յայտնեցին ոստիկանական ուժերը, այս պահուն ոչ մէկ պահանջ կամ փրկագնի խնդրանք չէ ստացուած։
Քեպպի նահանգի մէջ աշակերտուհիներուն առեւանգումէն քանի մը ժամ ետք, ուրիշ զինեալ խումբ մը հարուածեց Քատունայի արքեպիսկոպոսութեան Քուշի Կուկտու քրիստոնեայ համայնքին՝ առեւանգելով ժողովրդապետը, որուն ազատ արձակման համար հաւատացեալները կը պահանջեն եւ կ’աղօթեն անոր կեանքին համար։
Երկրին մէջ, մանաւանդ Քեպպի եւ Քուարա նահանգներուն մէջ ընթացող բախումներուն եւ բռնութիւններուն զարգացումները մօտէն հետեւելու համար, Նախագահ Պոլա Թինուպուն յետաձգած է արդէն ծրագրուած Հարաւային Ափրիկէ եւ Անկոլա կատարելիք ճամբորդութիւնը, մինչ կառավարութիւնը խոստացած է աւելի մեծ նախաձեռնութիւններ ձեռնարկել՝ բնակչութեան աւելի մեծ ապահովութիւն երաշխաւորելու համար։
Վերջերս Լեւոն Լեւոն ԺԴ.-ը կրկին իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց իրավիճակին մասին։ Անցեալ Նոյեմբեր 18-ին Քասթէլ Կանտոլֆօյի մէջ իր կեցութեան աւարտին, լրագրողներուն հետ զրուցելով Պապը յայտնեց, որ «ՆիՃերիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ անշուշտ վտանգ կայ քրիստոնեաներուն համար, բայց բոլորը՝ քրիստոնեաները եւ մահմետականները ջարդուած են։ Ահաբեկչութեան հարցը կապ ունի այն հողերուն վերահսկողութեան համար մղուող պատերազմական տնտեսութեան հետ, որոնք անոնք կը տիրապետեն։ Ցաւօք, բազմաթիւ քրիստոնեաներ մեռան եւ կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է փնտռել այն միջոցը, որով կառավարութիւնը եւ բոլոր ժողովուրդները կ’աջակցին իսկական կրօնական ազատութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ