Որոնել

2025.11.05 Mostra "Speranza dalle Rovine" sul restauro delle chiese in Libano presso l'Accademia Ungherese a Roma

«Աւերակներէն յոյս» վաւերագրական ցուցահանդէս Հունգարիոյ Հռոմի ակադեմիայէն ներս

«Աւերակներէն յոյս» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ պատմական եկեղեցիներու վերականգնումը, որոնց ֆինանսաւորումը հոգացած է Հունգարիայի օգնութեան ծրագիրը, ութը տարի տեւած առաքելութեան ընթացքին, 2018–2025, վերակառուցելով եւ վերակենդանացնելով Լիբանանի 63 պատմական եկեղեցիներ և վանքեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի և Մալթայի Ինքնիշխան Ռազմական Ուխտի մօտ Հունգարիայի դեսպանատունի նախաձեռնութեամբ, երեքշաբթի` 4 նոյեմբեր 2025-ին Հռոմի Հունգարական ակադեմիային մէջ բացումը պիտի կատարուի «Աւերակներէն յոյս» բնաբանով վաւերագրական ցուցահանդէսին, որ բաց պիտի մնայ հանրութեան առջեւ մինչեւ 28 նոյեմբեր։

Աւերակներէն յոյս

«Աւերակներէն յոյս» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ պատմական եկեղեցիներու վերականգնումը, որոնց ֆինանսաւորումը հոգացած է Հունգարիայի օգնութեան ծրագիրը, ութը տարի տեւած առաքելութեան ընթացքին, 2018–2025, վերակառուցելով եւ վերակենդանացնելով Լիբանանի 63 պատմական եկեղեցիներ և վանքեր։

«Նախագիծը հանդէս կու գայ` որպէս միջազգային զօրակցութեան տիպար մը՝ նուիրուած քրիստոնէական ժառանգութեան պաշտպանութեան և տեղական համայնքներու հզօրացման», կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է` թէ «նախագիծը լիովին կը համապատասխանէ 2025 թուականի Յոբելեանի հոգևորականութեան, որուն նպատակն է յոյսի շող սփռել Մայրիներու երկրի քրիստոնէական համայնքներուն վրայ, յատկապէս Նորին Սրբութիւն Լևոն ԺԴ. Պապին Լիբանան կատարելիք առաքելական այցին առիթով»։

Բացման արարողութիւնը

Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան պատուոյ հիւրը պիտի հանդիսանայ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Քարտուղարը` լիբանանցի Գերապայծառ Միշել Ժալախը ինչպէս նաեւ Տիար Թրիսթան Ազպեյը` Հունգարիայի արտաքին գործերու և առևտուրի նախարարութեան հալածուած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան պետական քարտուղարը։

Բացման արարողութեան ընթացքին նախատեսուած են ծրագիրները լուսաբանող ելոյթներ, որոնց շարքին Լիբանանի Քասլիքի Սուրբ Հոգի համալսարանի ռեկտոր Հայր Ժոզեֆ Մուքարզելը, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան հնութիւններու գլխաւոր տնօրէն Ճարտարապետ Սարգիս Խուրի, «Լիբանանի սիւներ՝ Պահպանել՝ շարունակելու համար» նախագծի համակարգող պարոն Զոլտ Վակները և ճարտարագէտ Տէյր Պիլլան։

Բացման առիթով ելոյթ պիտի ունենայ Լիբանանի Սուրբ Շարպել Աբբայարանի երգչախումբը։

Ցուցահանդէսը յոյսի պատգամ

«Աւերակներէն յոյս» ցուցահանդէսը քարտէզներու եւ լուսանկարներու միջոցաւ կ՛ընկերանայ այցելուներուն Լիբանանի սրբազան ուղիներով՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս պատմական եկեղեցիները ուշադիր կերպով վերականգնուեցան և վերակենդանացուեցան լիբանանցի մասնագէտներու, արհեստաւորներու և տեղական համայնքներու համագործակցութեան շնորհիւ: Հաւատքի և յիշողութիւն մէջ խորապէս արմատացած այս սրբավայրերը Լիբանանի քրիստոնէական ժառանգութեան ինքնութեան անսասան սիւներն են:

2025-ի «Յոյսի Ուխտաւորներ» յոբելեանին առիթով ներկայացուած ցուցահանդէսը կը փոխանցէ վերականգնման և դիմադրողականութեան պատգամ մը. յոյսը կը ծնի դժուարութիւններէն, և սրբազան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջոցաւ համայնքները ուժ կը գտնեն ապագայի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2025, 10:00