Հայաստանը յաղթող հռչակուեցաւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ
Հայաստան մեծ յաջողութիւններու հասած է «Ուորլտ թրավըլ ըվոթս»ի մէջ (աշխարհի ճամբորդութեան մրցանակաբաշխութիւն), որ աշխարհի ամենահեղինակաւոր զբօսաշրջութեան մրցանակաբաշխութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ։
Հայաստան առաջին տեղը գրաւեց «Եւրոպայի լաւագոյն մշակութային ժառանգութեան ուղղութիւն» անուանակարգի մէջ։
Այս մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի 1993 թուականէն ի վեր։ Ան ճանաչում կը բերէ կազմակերպութիւններուն եւ երկիրներուն՝ զբօսաշրջութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտներու մէջ իրենց գերազանց աշխատանքի համար։
Մրցանակները կ'որոշուին թէ՛ փորձագիտական դատակազմի, թէ ոլորտի մասնագէտներու քուէարկութեամբ եւ յաճախ կ'անուանուին «զբօսաշրջութեան ոլորտի օսքար»:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ