Որոնել

Ձեռագիրք Ձեռագիրք 

Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»ի՝ «Համաշխարհային յիշողութեան շտեմարանում» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը:

Գիտաժողովի բացման արարողութեան յաջորդեց «Դատաստանագիրք»ի հնագոյն օրինակի ցուցադրութիւնը՝ բերուած Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքէն, ձեռամբ՝ մատենադարանի եւ թանգարանի տնօրէն՝ Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լոիսեանի:

Կազմակերպութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան եւ Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանին, Չորեքշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2025-ին, տեղի ունեցաւ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»ի՝ «Համաշխարհային յիշողութեան շտեմարանում» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովը: Սոյն գիտաժողովին մասնակցեցան պետական, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային կազմակերպութիւններու, գիտական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մշակութային ու գրական մշակներ:

Գիտաժողովի բացման արարողութեան յաջորդեց «Դատաստանագիրք»ի հնագոյն օրինակի ցուցադրութիւնը՝ բերուած Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքէն, ձեռամբ՝ մատենադարանի եւ թանգարանի տնօրէն՝ Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լոիսեանի: Սոյն ձեռագիրը Մխիթար Գոշի հնագոյն օրինակն է՝ 1240 թուականէն:
Զմմառու Մայրավանքի պատմութեան 276 տարիներու ընթացքին՝ առաջին անգամ ըլլալով, սոյն ձեռագիր մատեանը Լիբանանէն փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ մէկ շաբթուայ ընթացքին՝ 27 Հոկտեմբեր 2025-էն մինչեւ 1 Նոյեմբեր 2025, ցուցադրուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ:

Նշենք, որ 10 Ապրիլ 2025-ին, Մատենադարանի դիմումով, Յունեսկօ-ի գործադիր խորհուրդի 221-րդ նստաշրջանին անդամ երկիրներու միաձայն որոշումով՝ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»ը ընդգրկուեցաւ աշխարհի յիշողութեան միջազգային մատեանին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2025, 09:34