Որոնել

Ֆրանսա, լրատուամիջոցներ Ֆրանսա, լրատուամիջոցներ  (AFP or licensors)

Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետը հրաժարեցաւ

Սեպասթիան Լըքոռնիւ իր հրաժարականը ներկայացուց։ Ան Ֆրանսայի վարչապետի պաշտօնը ստանձնած էր 9 սեպտեմբեր 2025 թուականին:

Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Ֆրանսայի նոր վարչապետ Սեպասթիան Լըքոռնիւ իր հրաժարականը ներկայացուց, եւ Մաքրոն զայն ընդունեց»:

Լըքոռնիւ երէկ առաւօտեան ներկայացուցած է իր հրաժարականի դիմումը:

Ան Ֆրանսայի վարչապետի պաշտօնը ստանձնած էր 9 սեպտեմբեր 2025 թուականին:

27 օր պաշտօնավարելէ ետք, Լըքոռնիւ դարձած է Ֆրանսայի պատմութեան մէջ ամէնէն կարճ ժամանակ պաշտօնավարած վարչապետը:

Ֆրանսական լրատուամիջոցներուն համաձայն, որոշումը տրուած է քանի մը ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անոր անվստահութեան քուէ շնորհելու սպառնալիքներէն ետք:

Լըքոռնիւ վերջին երկու տարուան ընթացքին Ֆրանսայի 5-րդ վարչապետն էր:

Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն Մաքրոնին կոչ ուղղեց լուծարելու խորհրդարանը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2025, 08:30