Որոնել

2025.10.06 Festa della Santa Croce nel convento di Bzommar

Խաչվերացի Տօն եւ միաբանական խոստում

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ խաչի տօներուն` ըսելով. «Հայ եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներ սահմանած է` Երեւումն Ս. Խաչի, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչի, Գիւտ Ս. Խաչի տօները: Այս չորսէն երեքը համաքրիստոնէական հնչեղութիւն ունին, միայն Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է, որ զուտ հայկական է եւ կը կատարուի միայն մեր մօտ: Իսկ Խաչվերացի տօնը հայկական հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է: Տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը հայերուս մօտ մեռելոց է:

Զմմառու մայրավանքի Փոխման Սուրբ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ  Խաչվերացի տօնը նշուեցաւ մեծ հանդիսութեամբ:

Կիրակի, 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:30-ին մայրավանքի թանգարանին մէջ մեծ խանդաղատանքով պահուած Քրիստոսի Կենաց խաչի մասունք պարունակող խաչը` զարդարուած ռեհանով, տեղադրուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խորանին վրայ:

Այդ պահուն ցնծաց եւ պայծառացաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը, քանզի քառաթեւ վայելչական պսակի փուշովը զարդարեց իր խորանը, որ սրսկուած էր Միածին Որդիին արեամբ:

Այսպէս ընթացք առաւ ս. պատարագը, զոր մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան` առընթերակայութեամբ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի վերակացու Կարապետ վրդ. Գլընճեանի:

Խորանին սպասաւորեցին համանուն կրթօճախի ժառանգաւորները:

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ խաչի տօներուն` ըսելով. «Հայ եկեղեցին Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներ սահմանած է` Երեւումն Ս. Խաչի, Խաչվերաց, Վարագայ Ս. Խաչի, Գիւտ Ս. Խաչի տօները: Այս չորսէն երեքը համաքրիստոնէական հնչեղութիւն ունին, միայն Վարագայ Ս. Խաչի տօնն է, որ զուտ հայկական է եւ կը կատարուի միայն մեր մօտ: Իսկ Խաչվերացի տօնը հայկական հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է: Տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը հայերուս մօտ մեռելոց է: Արդարեւ, հայերս միշտ յարգած ենք մեր ննջեցեալներ եւ անոնց հետ կիսուած` մեր լաւ օրերը»:

Ապա խաչին խորհուրդը մեկնաբանելով` աւելցուց. «Խաչի չորս թեւերը իրարմէ տարբեր ուղղութիւններով կը ներգործեն:

Խաչի վարի պատուանդանը կը քանդէ դժոխքը: Գագաթը` դրախտի դռները կը բանայ: Աջ թեւը մարդկային ցեղին շնորհներ կը բաշխէ:  Իսկ ձախը կը սաստէ պատուհասները»:

Հայր Մաշտոց դիտել տուաւ, որ Զմմառու միաբաններուն մօտ Խաչի տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ` «Աստուածային նշանը` տիեզերքի փրկագործ խաչը, կանգնած տիեզերքի մէջ, ցոլացած` բարձրացաւ Գողգոթայի վրայ, իր շողերովը փայլեցուց Երուսաղէմը, ճառագայթելով պայծառացուց աւելի քան արեգակը եւ այդ շողը տարածելով` փայլեցուց համայն աշխարհը»:

Ան դիտել տուաւ. «Այդ բոցաճաճանչ խաչափայտէն փուշ մը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մօտ ըլլալով` նպաստեց միաբանութեանս, որ իր 276տարիներու վաղեմի շարքերը համալրուին միջազգային տարողութիւն ունեցող սուրբով մը` յանձին Մարտինի արք. Իգնատիոս Մալոյեանի»:

Մեծաւոր հայրը այս օրհնեալ օրուան ընթացքին իրենց միաբանական խոստումը տուող երեք անդամները յորդորեց հետեւիլ Ս. Մալոյեանի օրինակին, նաեւ` միշտ եւ ամէնուր հայցել անոր բարեխօսութիւնը, ապա  շնորհաւորելով զանոնք եզրափակեց քարոզը:

Յաւարտ պատարագին Պօղոս Էմիշեան, Յակոբ Ժամկոչեան եւ Աբրահամ Իսահակեան մեծաւոր հօր առջեւ ծնրադրելով` իրենց միաբանական խոստումը տուին:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք հաւատացեալները հերթաբար համբուրեցին խաչափայտի մասունքը եւ ստացան օրհնութիւն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2025, 08:00