A drone view shows the destruction in a residential neighborhood, in Gaza City

Ուիթքոֆ. «Կազայի վերաշինութեան գինը շուրջ 50 միլիառ տոլարով կը գնահատուի, եւ կը կարծենք, թէ գումարները արագօրէն պիտի հաւաքուին»

«Միջին Արեւելքի մէջ կան կառավարութիւններ, որոնք պիտի շտապեն ֆինանսաւորելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական մասնակցութիւն կը նախատեսուի», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Սի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Կազայի վերաշինութեան գինը շուրջ 50 միլիառ տոլար կը գնահատուի»` նշելով. «Կը կարծենք, որ գումարները արագօրէն պիտի հաւաքուին»:

«Միջին Արեւելքի մէջ կան կառավարութիւններ, որոնք պիտի շտապեն ֆինանսաւորելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական մասնակցութիւն կը նախատեսուի», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

«Ծրագիրի առաջին փուլը կը վերաբերի անոր իրողապէս ձեռնարկելուն, եւ ատոր վրայ կ՛աշխատիմ», ըսաւ ան:

«Ֆինանսաւորման ապահովումը դիւրին բաժինն է, եւ զայն կարելի է համեմատաբար արագօրէն իրագործել, սակայն իսկական մարտահրաւէրը գլխաւոր համապարփակ ծրագիրն է», յայտնեց Ուիթքոֆ:

«Կ՛աշխատինք խումբի մը հետ փորձագէտներու, որոնք անցնող երկու տարիներուն գլխաւոր ծրագիրները մշակեցին: Իրապէս պատրաստ ու ամբողջական ծրագիրներ ունին», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

Ան աւելցուց. «Պիտի ստեղծուի խորհուրդ մը, որ պիտի կոչուի խաղաղութեան խորհուրդ, եւ շատ ուշադիր պիտի ըլլան անոր մէջ աշխատելու համար լաւագոյն կարողութիւնները ընտրելու մէջ»:

«Իրապէս կը խօսինք Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ կապալառուներու հետ, որովհետեւ կը կարծենք, թէ շրջանային աջակցութիւնը հիմնական է, եւ անոնք տեղական շուկան ու անոր մեքանիզմները աւելի լաւ գիտեն», յայտնեց Ուիթքոֆ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2025, 08:36