Որոնել

2023.05.30   Corte europea di giustizia

Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն հայ գերիներու մասին հաշուետուութիւն կը պահանջէ

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայ գերիները շուրջ 3 ամիսէ ի վեր յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ, որեւէ միջազգային անկախ կառոյց անոնց հետ չէ տեսակցած: Անոնց պահման, առողջական ու հոգեբանական վիճակին մասին տեղեկութիւն չկայ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու պահման եւ առողջական վիճակի մասին մինչեւ 4 նոյեմբեր հաշուետուութիւն ներկայացնել:

Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է, թէ յուլիսին ազրպէյճանական կողմը դատարանին միջնորդած էր վերցնել հաշուետուութիւն ներկայացնելու իր պարտականութիւնը: Սակայն, Հայաստանի կառավարութեան եւ եւրոպական դատարանին մէջ գերիներու ներկայացուցիչներու առարկութիւններէն ետք դատարանը ի վերջոյ մերժած է Ազրպէյճանի միջնորդութիւնը եւ Պաքուին պարտաւորեցուցած հայ գերիներու մասին տեղեկութիւն ներկայացնել:

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայ գերիները շուրջ 3 ամիսէ ի վեր յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ, որեւէ միջազգային անկախ կառոյց անոնց հետ չէ տեսակցած: Անոնց պահման, առողջական ու հոգեբանական վիճակին մասին տեղեկութիւն չկայ:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները վերջին անգամ հայ գերիներուն հետ տեսակցած էին յունիսին: Միջազգային կառոյցը սեպտեմբերէն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջով վերջնականապէս դադրեցուց Պաքուի մէջ իր գործունէութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2025, 08:26