Որոնել

«Բողբոջ» ընկերակցութեան հիմնադիր Թերեզա Մխիթարեան «Բողբոջ» ընկերակցութեան հիմնադիր Թերեզա Մխիթարեան  Յոյսի պատմութիւններ

Հարցազրոյց հանդիպում «Բողբոջ» ընկերակցութեան հիմնադիր Թերեզա Մխիթարեանի հետ

Յոյսը իրադարձութիւններէն կախուած չէ, յոյսը համոզումն է` որ ամէն ինչ վերջ ի վերջոյ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է։ Չարը, սատանան, կը գողնայ մարդուն յոյսը եւ պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Մտավախութիւնս է` որ այնպէս չպատահի, որ ես Աստուծմէ հեռանամ։ Ինծի համար յոյսը Աստուծոյ հետ մնալն է. Թերեզա Մխիթարեան

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Զուիցերիոյ «Germoglio – Բողբոջ» բարեսիրական ընկերակցութեան հիմնադիր` Տիկ Թերեզա Մխիթարեան վերջերս կը գտնուէր Հռոմ եւ այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքի խմբագրութեան, ուր առիթը ունեցանք իրմէ քաղելու ընկերակցութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ու նաեւ զրուցելու իր անձնական փորձառութեան մասին։

«Իւրաքանչիւր փոքրիկ բողբոջ կը ծնի բազմաթիւ տերևներով ծառ: Իւրաքանչիւր ամրոց կ՛աճի քարի հիմքէն: Ամէն ճամբորդութիւն կը սկսի մէկ քայլով: Մեզմէ իւրաքանչիւրը այդ փոքրիկ բողբոջն է, բերդի այդ քարը, ճանապարհի այդ քայլը». Այս տողերով ներկայացուցած է Զուիցերիոյ «Germoglio – Բողբոջ» բարեսիրական ընկերակցութիւնը եւ մենք ճիշտ ասոր հիման վրայ է որ հարց տուինք Թերեզա Մխիթարեանին. «Ո՞րը եղաւ իր ճամբորդութեան առաջին քայլը» եւ ան պատմեց թէ ինչպէս Հայաստան մեկնած էր իր ծնունդը տօնելու համար եւ պատահական մէկ հանդիպում մը փոխեց իր կեանքը եւ այդ պահէն սկսեալ ան ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու ի նպաստ իր կարիքաւոր հայրենակիցներուն։

Ունկնդրենք Թերեզա Մխիթարեանի յոյսի պատմութիւնը

Ունկնդրէ Թերեզա Մխիթարեանի հետ հարցազրոյցը
Թերեզա Մխիթարեան
Թերեզա Մխիթարեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2025, 08:59