Որոնել

TOPSHOT-LEBANON-POLITICS-UNREST

Լիբանանի մէջ յարձակման ենթարկուած է ՄԱԿ-ի «Եունիֆիլ»ի շարասիւնը

Հակառակ միջադէպին՝ խաղաղապահները կը շարունակեն իրականացնել Լիբանանի հարաւին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման իրենց առաքելութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւով սահմանուած մանթատի համաձայն:

Փետրուար 14-ի երեկոյեան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու շարասիւնը, որ խաղաղապահներ Պէյրութի օդակայան կը տեղափոխէր, դաժան յարձակման ենթարկուած է, որու հետեւանքով այրած է մեքենաներէն մէկը:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու մամուլի ծառայութեան տուեալով՝ ծառայութիւնն աւարտող հրամանատարի տեղակալը վիրաւորուած է։

«Մենք խորապէս վրդոված ենք նման բարդ ժամանակաշրջանին մէջ Լիբանանի հարաւին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման խնդիր կատարող խաղաղապահներու վրայ այդ յարձակմամբ: Խաղաղապահ ուժերու վրայ յարձակումները միջազգային իրաւունքի լուրջ խախտումներ են եւ կրնան որակուիլ որպէս պատերազմական յանցագործութիւններ: Կոչ կ՚ընենք Լիբանանի իշխանութիւններուն իրականացնելու համակողմանի հետաքննութիւն, ինչպէս նաեւ պատասխանատւութեան ենթարկել մեղաւորները»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ հակառակ միջադէպին՝ խաղաղապահները կը շարունակեն իրականացնել Լիբանանի հարաւին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման իրենց առաքելութիւնը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւով սահմանուած մանթատի համաձայն:

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2025, 08:36