Թրամփ Փութինի Հետ Հանդիպումի կը պատրաստուի
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումին համար: Թրամփ չէ յստակացուցած, թէ այդ հանդիպումը ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ:
«Ան կ՛ուզէ հանդիպիլ, իսկ մենք կը պատրաստուինք», «Ռոյթըրզ»-ի հաղորդումով ըսած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Ան աւելցուցած է, որ Փութին յայտարարած է հանդիպելու ցանկութեան մասին:
«Մենք պէտք է վերջ տանք այս (Ուքրանիոյ, «Ա.») պատերազմին: Ատիկա արիւնալի խառնաշփոթ է», ըսած է Թրամփ:
Ան չէ հրապարակած յառաջիկայ հանդիպումին մանրամասնութիւնները` ըսելով, որ պիտի նախընտրէր սպասել մինչեւ 20 յունուար` իր երդման արարողութեան օրը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը բազմիցս լրագրողներուն ըսած է, որ «աշխուժօրէն կ՛աշխատի» ուքրանական պատերազմին վերջ տալու համար: Նախագահական ընտրութեան մէջ իր յաղթանակէն առաջ Թրամփ խոստացած էր «24 ժամուան ընթացքին» պատերազմին վերջ տալ եւ նոյնիսկ յունուարին իր երդման արարողութենէն առաջ, սակայն մանրամասնութիւններ չէր յայտնած:
Քրեմլին երէկ նշեց. «Փութին պատրաստ է առանց նախապայմաններու Թրամփի հետ հանդիպելու, եւ ասիկա ամերիկեան քաղաքական կամքի կը կարօտի»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ