Սթոլթենպերկ. Սթոլթենպերկ.  (ANSA)

Սթոլթենպերկ. «Արեւմուտքէն կախեալ է, թէ Ուքրանիան իբրեւ պետութիւն պիտի գոյատեւէ՞, թէ՞ ոչ»

«ՕԹԱՆ լրջօրէն կը քննարկէ Ուքրանիոյ կողմէ հեռահար հրթիռներու կիրարկումը, որպէսզի Քիեւ կարելիութիւն ունենայ հասնելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ զինուորական թիրախներուն:

Արեւմուտքէն կախեալ է, թէ Ուքրանիան իբրեւ պետութիւն պիտի գոյատեւէ՞, թէ՞ ոչ: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ:

«ՕԹԱՆ լրջօրէն կը քննարկէ Ուքրանիոյ կողմէ հեռահար հրթիռներու կիրարկումը, որպէսզի Քիեւ կարելիութիւն ունենայ հասնելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ զինուորական թիրախներուն:

«ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ այս նիւթին շուրջ քննարկում կայ… Կարեւոր է, որ Ուքրանիան կարելիութիւն ունենայ հասնելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ գտնուող զինուորական թիրախներուն», յայտնած է Սթոլթենպերկ:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ուքրանիա Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ գործողութեան ընթացքին «շատ բանի» հասած է:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2024, 07:57