Օքամփօ աշխարհասփիւռ հայութեան իր 2-րդ բաց նամակը յղած է
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ զեկուցում գրած էր` բռնագրաւուած Արցախի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի գործողութիւնները որակելով «ցեղասպանութիւն», աշխարհասփիւռ հայութեան յղած է բաց նամակ մը, որուն մէջ նշած է երեք խնդիրներ, որոնք փոխկապակցուած են:
«Հայաստանը Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու ընթացքին կը շարունակէ մնալ վտանգի տակ: Յստակութիւն չկայ այն առնչութեամբ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը` 2023 թուականի ցեղասպանութեան զոհերը ինչպէ՞ս կրնան ապահով վերադառնալ իրենց նախնիներու հողը: 23 հայ պատանդներ կը շարունակեն պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ:
«Ազրպէյճանը նոյեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ «ՔՈՓ յանուն խաղաղութեան» անուան տակ պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ29-ը` ՄԱԿ-ի Կենսոլորտի փոփոխութեան հարցերով վեհաժողովը: Եթէ հայերը ազատ չարձակուին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ՔՈՓ29-ին մասնակցող պատուիրակներու կողմէ անտեսուի, ապա նախագահ Ալիեւին պիտի տրուի հզօր հարթակ` առաւել եւս մեծցնելու ամբողջ Հայաստանը զաւթելու իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները: Նման բեմագրութիւնը ոչ միայն պիտի ժխտէ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղասպանութիւնը եւ պատանդները դատապարտէ երկարամեայ բանտարկութեան, այլ նաեւ ամբողջ համայնքը անցեալի մոռցուած մասունք պիտի դարձնէ, եւ ատիկա պիտի մեծցնէ վտանգը ինքնին Հայաստանի համար», գրած է Օքամփօ:
Ան նշած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները շատ բարդ բանակցութիւններ կը վարեն:
«Հայութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, եւ ինծի նման մարդիկ, որոնք մտահոգուած են ցեղասպանութիւններով եւ պատերազմներով, պէտք է յարգեն այդ ջանքերը` բարձրացնելով խնդիրին մասին իրազեկուածութիւնը եւ համախմբելով ամբողջ հայութիւնը` պաշտպանելու ժողովուրդն ու հողը:
«Եւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ, ամբողջ աշխարհէն հայերը արշաւ կ՛ընեն: 23 օգոստոսին ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին` ապահովելու Ազրպէյճանէն բոլոր հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը: Ան կը գիտակցի Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն, սակայն մտահոգուած է, որ Պլինքընի խօսքերը «անուշադրութեան մատնուած են եւ պիտի շարունակուին անտեսուիլ»:
«Անցեալ ամսուան ընթացքին աւելի քան 30 երկիրներէ հազարաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատերը հայ նախնիներ ունին, հաւաքուած են թուային ֆորումներու մէջ եւ ընկերային ցանցերու մէջ: Անոնց միաւորած են նոյն հեշթեկները` #COP29, #StopPoliticalPrisoners, #FreeArmenianHostages, #FreePoliticalPrisoners: Այժմ ժամանակն է ընդլայնելու շարժումը եւ կապելու զայն ամբողջ աշխարհի վրայ որոշում տուողներու հետ: Ալիեւի զոհերը միայն հայերը չեն: Ան կ՛ազդէ շրջակայ միջավայրի, ազրպէյճանցի քաղաքացիներու եւ նոյնիսկ եւրոպացի պատգամաւորներու վրայ: Ազրպէյճանը, որ հարստացած է հանածոյ վառելանիւթով, յառաջատար դիրք կը գրաւէ կենսոլորտի փոփոխութիւնը շեղող համաշխարհային ջանքերուն մէջ: Վարչախումբը ոչ ոքի կը խղճայ, ան կը ճնշէ լրագրողները, ակադեմականները, իր սահմաններուն մէջ որեւէ այլախոհի», շարունակած է Օքամփօ:
Իրաւապաշտպանին համոզումով` յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ՔՈՓ29-ի պատուիրակներէն պահանջել բարձրաձայնել այս հարցերը:
Ան աւելցուցած է, որ ուրախ է 9 սեպտեմբերին Հայաստան այցելելու հրաւէր ստանալուն համար:
«Ասիկա բացառիկ կարելիութիւն պիտի ըլլայ հանդիպելու Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ եւ մշակելու ընդհանուր ռազմավարութիւն:
Հայե՛ր, եկէք պաշտպանե՛նք Հայաստանը եւ առաջնորդե՛նք աշխարհը դէպի իսկապէս խաղաղ ՔՈՓ29», եզրափակած է Օքամփօ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ