Մեկնարկեց վիզաներու ազատականացման Հարցով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան պաշտօնական երկխօսութիւնը
Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հետ կը սկսի վիզաներու ազատականացման հարցով պաշտօնական երկխօսութեան: Այս նպատակով, 9 Սեպտեմբերին, Երեւան հասաւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Մարկարիթիս Սխինաս:
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ այս գործընթացը պիտի տեւէ այնքան, որքան անհրաժեշտ է` առանց ենթադրելու վիզաներու պահանջի մեքենական չեղարկում:
Սխինաս Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու մեկնարկը կը վկայէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը գնահատէ Հայաստանի ջանքերը` ամրապնդելու դաշինքին հետ կապերը: Իսկ Գրիգորեան իր կարգին ըսաւ, որ ասիկա կարեւոր որոշում է` Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն վրայ հիմնուած:
Սխինաս հանդիպեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ կը քննարկեն Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կարելիութիւնը, սակայն, Եւրոպական Միութեան գործընկերներուն դիտարկումները եւ խորհուրդները լսել կարեւոր պիտի ըլլայ:
«Ուրախ եմ, որ մեր յարաբերութիւններում նկատելի տեղաշարժեր են արձանագրւում. մեկնարկում են վիզային ռեժիմի (դրութեան) ազատականացման շուրջ բանակցութիւնները, Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամով Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու որոշում կայացուեց, ինչը մենք բարձր ենք գնահատում», ըսաւ Փաշինեան, որ նաեւ շեշտեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման պարունակին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ երկրին մէջ բարեփոխումները առաւել արդիւնաւէտ յառաջ մղելու գծով:
Սխինաս շեշտեց Եւրոպական Միութեան շահագրգռութիւնը` զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, նպաստելու Հայաստանի մէջ բարեփոխումները յառաջ տանելու գործին: Ան յայտնեց, որ ինք յոյս ունի վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան շուրջ Հայաստանի կառավարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան յաջողութեան:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ այս տարուան 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին բարձր մակարդակի հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերող հարցեր:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ